Կրթանպաստի դիմում կատարել

Կրթանպաստի ծրագրի յանձնախումբի կը գործէ Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանի հիմնադրամի կանոնագրութեան շրջագիծէն ներս։ Անիկա կը գործէ յարգելով Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանի կրթական ծրագիրը, անոր վարչական եւ կրթական քաղաքականութիւններուն եւ ընդունման գործընթացին հիմամբ։

Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանի կրթանպաստներու յանձնախումբը ամէն տարի երկու տեսակի կրթանպաստներ կը յատկացնէ։ Համեստ եկամուտի տէր ընտանիքներուն եւ գերազանցութեան մրցանակ, այն աշակերտներուն որոնք կը  զատորոշուին մէկ կամ աւելի դասանիւթերու մէջ իրենց գերազանցութեամբ։ 

Կրթանպաստ ստանալու համար, ընտանիքները պէտք է ներկայացնեն դիմումը, որ յանձնախումբին կողմէ խորհրդապահութեամբ կը քննուի եւ կ՛արժեւորուի։

Գերազանցութեան մրցանակի կրթանպաստները կը շնորհուին հիմնադրամին կողմէ, աշակերտներուն արձանագրած դպրոցական արդիւնքներուն հիմամբ, վկայականաց բաշխման հանդիսութեան ընթացքին։ 

Բոլոր կրթանպաստները կը շնորհուին արդարօրէն, Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանի հիմնադրամի կանոնագրութեան համաձայն, յարգելով դպրոցի կրթական ծրագիրը, կրթական եւ վարչական քաղաքականութիւնները, ինչպէս ընդունման գործընթացը։

Ծրագիրը՝ թիւերով

Իւրաքանչիւր տարի, Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանի հիմնադրամը շուրջ 185 000 $ի նիւթական օժանդակութիւն կը տրամադրէ համեստ եկամուտի տէր ընտանիքներուն։ Կրթանպաստներու այս ծրագիրը կը ֆինանսաւորուի Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանի գործընկերներու եւ նուիրատուներու առատաձեռն նուիրատուութիւններու շնորհիւ։

Համեստ եկամուտի տէր ընտանիքները կրնան ներկայացնել կրթանպաստի դիմում, որ յանձնախումբին կողմէ խորհրդապահութեամբ կը քննուի եւ կ՛արժեւորուի։ Կրթանպաստները կը շնորհուին այն ընտանիքներուն, որոնք նիւթական աջակցութիւն չունին, եւ կը գտնուին իրենց զաւակը դպրոց արձանագրելու անկարելիութեան դէմ յանդիման։ Այս կրթանպաստները նախատեսուած են հոգալու կրթաթոշակները, եւ ոչ պարագայի կարելի չէ մասնակցիլ արձանագրութեան ծախսերուն, եւ անհրաժեշտութեան պարագային երթեւեկի ծախսերուն։

2015էն ի վեր աւելի քան 1100 աշակերտ օգտուած է կրթանպաստի այս ծրագիրէն, որ կը կազմէ աւելի քան 1,5 միլիոն տոլարի ներդրում

2020-2021 դպրոցական տարեշրջանին 195 282 $ կրթանպաստի յատկացում կատարուած է։

2021-2022 դպրոցական տարեշրջանին 285 972 $ կրթանպաստի յատկացում կատարուած է։

 


Մարմիններ եւ կազմակերպութիւններ՝



Հասութաբեր հիմնադրամներէ կրթանպաստներ
Բաստրմաճեան Հիմնադրամ
Սարաֆեան Հիմնադրամ
Արմինէ Մաղաքեան Հիմնադրամ
Նանիկ Պապիկեան Հիմնադրամ
Տիգրան եւ Լուսիա Մկրտիչեան Հիմնադրամ
Մանուէլ Քէօսէեան Հիմնադրամ
Պենօհանեան Հիմնադրամ
Տիար Գրիգոր Տէր Ղազարեան
Սօսի Չաքմաքճեան Հիմնադրամ
Շաքէ Մուղալեան Հիմնադրամ
Տիար Տէիրմենճեան

Մարմիններ եւ կազմակերպութիւններ՝ կրթանպաստներ
Գանատայի Հայ Օգնութեան Միութիւն
Հայ Օգնութեան Միութեան Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղ
Հայ Օգնութեան Միութեան Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղ
Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի Տարեցներու միութիւն
Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի Պրիճի խմբակ
Մանուկ Չուխաճեան ընտանիքի Հիմնադրամ
Առաքելեան ընտանեկան Հիմնադրամ
Ճօուի եւ Արաքս Զաքարեան
Հրանդին եւ Ետուարդ մարտինեան, Ստեփան Յ.Կ. Վարվարեան եւ Արաքսի Ա. Չաքըճեան Հիմնադրամ

Կրթանպաստի դիմում կատարել

Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանի հիմնադրամին կրթանպաստի դիմում կատարելու համար հաճեցէ՛ք կապ հաստատել մեր հետ, ե-նամակով՝ aidefinanciere@fondationsh.com կամ հեռաձայնով, երկուշաբթիէն ուրբաթ, առաւօտեան ժամը 8։30էն երեկոյեան ժամը 4։00, Տիկ․ Հուրի Անտոնեանին կամ  514-332-1373 poste 233 թիւին. Ե-նամակով կամ հեռաձայնով ստացուած կրթանպաստի բոլոր դիմումները կը սերտուին խորհրդապահօրէն։

Յաւելեալ Մանրամասնութիւններ

Partenaires

Սարաֆեան Հիմնադրամ

Բաստրմաճեան Հիմնադրամ

Մանուկ Չուխաճեան ընտանիքի Հիմնադրամ

Հրանդին եւ Ետուարդ Մարտինեան, Ստեփան Յ.Կ. Վարվարեան եւ Արաքսի Ա. Չաքըճեան Հիմնադրամ