Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանի հիմնադրամի վարչական խորհուրդը լիազօրուած է աջակցելու հիմնադրամի աշխատանքները, նուիրատուութիւններ հաւաքելով, կազմակերպելով բարեսիրական ձեռնարկներ, համեստ եկամուտի տէր ընտանիքներուն նիւթական աջակցութիւն ցուցաբերելով, եւ դպրոցի գոյքի ու կալուածի առնչուած ծրագիրներ իրագործելով։
2022-2023 տարեշրջանին համար, Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանի Հիմնադրամի վարչական խորհուրդը կազմուած է հետեւեալ անդամներէ՝
Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանի հիմնադրամի վարչութիւնը կ՛երաշխաւորէ իր աշխատանքներու իրագործումը եւ իր ծրագիրներու համակարգումը արհեստավարժօրէն, նախանձախնդրութեամբ եւ թափանցիկութեամբ։ Անիկա զուգահեռաբար կ՛աշխատի վարչական խորհուրդին, եւ իր զանազան յանձնախումբերուն եւ գործընկերներուն հետ, հիմնադրամին առաքելութիւնը իրականացնելու համար։