Մէկ միլիոն տոլարի բացառիկ նուիրատուութիւն՝ աջակցելու ընտանիքներուն եւ քաջալերելու գերազանց աշակերտները

20 Հունիսի 2025

Մեծ երախտագիտութեամբ կը յայտարարենք մեր հաւատարիմ գործընկերներէն՝ Մանուկ Չուխաճեան ընտանիքի հիմնադրամի բացառիկ առատաձեռնութեան մասին։

Որպէս ոչ առեւտրական կազմակերպութիւն, Մանուկ Չուխաճեան ընտանիքի հիմնադրամի՝ FFMD-ի առաքելութիւնն է կրթանպաստներ տրամադրել նիւթապէս անապահով ընտանիքներու մղում ունեցող, ակադեմիական առումով յաջողակ աշակերտներուն՝ անոնց ուսման աջակցելու համար։ 2012 թուականէն ի վեր մեր դպրոցի գործընկերը հանդիսացող այս հիմնադրամը կանոնաւոր ձեւով կ՛աջակցի ՍՅԱՎ-ի Հիմնադրամի կրթանպաստի ծրագրին՝ առիթ ընձեռելով բազմաթիւ աշակերտներու օգտուելու իր աջակցութենէն։

Այսօր, հաւատարիմ իր առաքելութեան եւ յանձնառու մեր համայնքի հանդէպ, Մանուկ Չուխաճեան ընտանիքի հիմնադրամը (FFMD) նոր փուլի մը կ՛անցնի նուիրաբերելով 1 միլիոն տոլար՝ մեր կրթանպաստի ծրագրին ի նպաստ հիմնադրամ մը ստեղծելու համար։

Այս նուիրատուութիւնը կը զուգադիպի մեր համայնքին համար յատկապէս խորհրդանշական պահուն՝ Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի ոսկեայ տարեդարձին։ Այս տարեդարձը կը նշէ կրթական գերազանցութեան, համայնքի յանձնառութեան եւ հայկական մշակութային արժէքներու փոխանցման կէս դարը։ Աւելի լաւ ձեւ ի՞նչ կրնայ  ըլլալ պատմական այս իրադարձութիւնը նշելու համար, քան ուղղակիօրէն ներդրում կատարել ի նպաստ մեր աշակերտներուն եւ մեր հաստատութեան ապագային։

«Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի հիմնական առաքելութիւնն է կազմաւորել մեր համայնքի յաջորդ սերունդը: Ես կը հաւատամ, որ այս առաքելութիւնը չափազանց կարեւոր է, եւ ես կ՛ուզեմ կարելիս ընել, որպէսզի օգնեմ երիտասարդներուն, որոնք վաղուան մեր ղեկավարները պիտի ըլլան: Մենք բախտաւոր ենք, որ ունինք դպրոց մը, որ անգերազանցելի է՝ համեմատած քաղաքի եւ նահանգի այլ կրթական հաստատութիւններուն: Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանը ունի ամէն ինչ՝ իր մատուցած ծառայութիւններուն եւ ուսուցման մէջ գերազանցութեան հասնելու համար»: — Տիար Մանուկ Չուխաճեան, Մանուկ Չուխաճեան ընտանիքի հիմնադրամի նախագահ

Այսպիսով, այս հիմնադրամը հիմք կը հանդիսանայ կրթանպաստներու ծրագրին, որ յստակօրէն ցոյց կու տայ մեր յանձնառութիւնը՝ աջակցելու կարիքաւոր ընտանիքներուն, այսօր եւ վաղը: Անիկա արժէքաւոր աջակցութիւն կը տրամադրէ այն ընտանիքներուն, որոնք օժանդակութեան դիմում կը կատարեն, եւ որոնց զաւակները կը պահպանեն ակադեմական 80%-էն  բարձր միջին: Այս ծրագրի շնորհիւ շատ մը մղում ունեցող աշակերտներ, որոնք սակայն կաշկանդուած են նիւթական սահմանափակումներով, կը կարենան շարունակել իրենց նախակրթարանի եւ երկրորդականի ուսումը աւելի մեծ վստահութեամբ եւ յոյսով:

Բացի այս հիմնական աջակցութենէն, որ նպատակ ունի հոգալ  դիմորդներուն ուսման ծախսին մէկ մասը, ծրագիրը յաւելեալ գումար կը տրամադրէ այն աշակերտներուն, որոնց միջինը կը գերազանցէ 85%-ը, գնահատելով անոնց ակադեմական բացառիկ յանձնառութիւնը: Այս միջոցառման նպատակն է քաջալերել եւ արժեւորել ակադեմական գերազանցութիւնը՝ պարգեւատրելով մեր աշակերտներուն նկատառելի ջանքերը։

«Ես յանձնառու եմ աջակցելու դպրոցի բարգաւաճման, եւ կոչ կ՛ուղղեմ համայնքի իւրաքանչիւր անդամի նոյնը ընել, հետաքրքրուիլ մեր յայտագիրներով, աջակցիլ մեր ծրագիրներուն եւ համախմբուիլ մեր նպատակին հասնելու համար: Եկէք ըլլանք նպատակասլաց, եկէք չվախնանք մեծ երազներ ունենալէ մեր դպրոցին համար, եւ եկէք ներդրումներ կատարենք մեր աշակերտներուն մէջ՝ անոնց բարձրանալու մղում տալու համար»: — Տիար Մանուկ Չուխաճեան

Մենք ջերմօրէն շնորհակալութիւն կը յայտնենք Մանուկ Չուխաճեան ընտանիքի հիմնադրամին, որուն նուիրատուութիւնը ցոյց կու տայ կրթութեան հանդէպ ամուր տեսլական եւ երկարատեւ յանձնառութիւնը։ Շնորհակալութիւն ձեր վերանորոգ վստահութեան համար եւ շնորհակալութիւն իւրաքանչիւր աշակերտի կարողականութեան հաւատալու համար։

Այսպիսի բարեսիրական աքթերու շնորհիւ, մենք բոլորիս համար աւելի խոստումնալից ապագայ կը կառուցենք եւ լաւագոյն ձեւով կը պատուենք մեր դպրոցի յիսնամեայ յաջողութիւնն ու բարգաւաճումը։

«Վաղուան ղեկավարները որոշ առումով նաեւ վաղուան բարերարներն են։ Իսկապէս կայ շատ իւրայատուկ կապ մը, որ կը միացնէ նուիրատուն ստացողին, նոյնիսկ եթէ անոնցմէ իւրաքանչիւրը կը մնայ անյայտ կամ անանուն միւսին համար։ Յաճախ ստացողը իր կարգին կը մղուի վերադարձնել իրեն տրուածը, ինչպէս որ իմ պարագաս էր, եւ կը ստեղծուի զօրակցութեան գեղեցիկ շղթայ մը, ի նպաստ ամբողջ համայնքի մը»։ – Տիար Մանուկ Չուխաճեան

12 Ապրիլի 2024

Հարցազրոյց Մանուկ Չուխաճեանի հետ

Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի հիմնադրամը հանդիպում մը ունեցաւ դպրոցի մեծ բարերարներէն եւ հիմնական գործընկերներէն Մանուկ Չուխաճեանին հետ, զրուցելու նուիրատուին եւ նուիրառուին միջեւ գոյութիւն ունեցող յատուկ կապին մասին։ Ան մեզի պատմեց, թէ ինչպէ՞ս բարեգործ մը դարձած է, եւ ինչո՞ւ որոշած է ներդրում կատարել ի նպաստ մեր դպրոցին։ ՍՅԱՎՀ.- Պրն. Չուխաճեան ի՞նչ է նուիրատուութիւն կատարելու ձեր փիլիսոփայութիւնը։ […]

22 Նոյեմբերի 2022

Աննա եւ Մանուկ Չուխաճեան խմբավայր

Աննա եւ Մանուկ Չուխաճեան խմբավայրի բացում 22 նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 7։30ին, Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանը բացումը կատարեց Աննա եւ Մանուկ Չուխաճեան խմբավայրին։ Խմբավայրի իրագործումն ու կահաւորումը կարելի դարձաւ շնորհիւ Մանուկ Չուխաճեան ընտանիքիՀիմնադրամի 400 000$. գումարի  առատաձեռն նուիրատուութեան։  

22 Նոյեմբերի 2022

Ստեղծագործարանի բացում

2022ին հիմնադրամը բացումը կատարեց արհեստագիտական ժամանակակից այս տարրալուծարանին, որուն հիմնադրութիւնը կարելի եղաւ յատկապէս շնորհիւ Տէր եւ Տիկ. Սարօ եւ Թամարա Տէր Պետրոսեաններու 100.000 $ բացառիկ նուիրատուութեան։ Ստեղծագործարանը, աշակերտներուն կը տրամադրէ նպաստաւոր միջավայր մը, զարգացնելու տեսողական արուեստներու մէջ իրենց հմտութիւններն ու գիտելիքները, օգտագործելով նորագոյն արհեստագիտութիւնը՝ մոնթաժի սրահ, լուսանկարչական տաղաւար եւ այլ թեքնիք ենթակառոյցներ, որոնք ներկայիս իրենց տրամադրութեան […]

Partenaires

Սարաֆեան Հիմնադրամ

Բաստրմաճեան Հիմնադրամ

Մանուկ Չուխաճեան ընտանիքի Հիմնադրամ

Հրանդին եւ Ետուարդ Մարտինեան, Ստեփան Յ.Կ. Վարվարեան եւ Արաքսի Ա. Չաքըճեան Հիմնադրամ