նիւթական միջոցներ տրամադրել աշակերտներուն

9 Օգոստոսի 2021

Եգիպտոսաբնակ Տիկ. Արաքսի Չաքըճեան, որ Հրանդին մարտինեանի ժառանգորդն էր, որոշած է իր ժառանգէն նուիրատուութիւն մը կատարել, ստեղծելով Հրանդին եւ Ետուարդ մարտինեան, Ստեփան, Յ.Կ. Վարվարեան եւ Արաքսի Աւետիս Չաքըճեան Հիմնադրամը։

Հիմնադրամի նպատակն է, հիմնականօրէն կրթաթոշակներ եւ նիւթական այլ միջոցներ տրամադրել Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանի աշակերտներուն, որպէսզի անոնք կարենան շարունակել իրենց նախակրթարանի եւ երկրորդականի ուսումը, եւ այսպիսով իրենց կրթութիւնը ապահովել:

Արաքսի Չաքըճեան Հիմնադրամէն ստացուած դրամագլուխը շուրջ 1 200 000$ որ շահարկման դրուեցաւ եւ անկէ ստացուած տարեկան եկամուտին վաթսուն հինգ առ հարիւրը  պէտք է վճարուի Դպրոցին, որ իր կարգին պէտք է յատկացնէ աշակերտներուն կրթանպաստներու ձեւով։ Հիմնադրամը իր առաջին վճարումները դպրոցին կատարած է 2022ին։

 
22 Նոյեմբերի 2022

Աննա եւ Մանուկ Չուխաճեան խմբավայր

Աննա եւ Մանուկ Չուխաճեան խմբավայրի բացում 22 նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 7։30ին, Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանը բացումը կատարեց Աննա եւ Մանուկ Չուխաճեան խմբավայրին։ Խմբավայրի իրագործումն ու կահաւորումը կարելի դարձաւ շնորհիւ Մանուկ Չուխաճեան ընտանիքիՀիմնադրամի 400 000$. գումարի  առատաձեռն նուիրատուութեան։  

22 Նոյեմբերի 2022

Ստեղծագործարանի բացում

2022ին հիմնադրամը բացումը կատարեց արհեստագիտական ժամանակակից այս տարրալուծարանին, որուն հիմնադրութիւնը կարելի եղաւ յատկապէս շնորհիւ Տէր եւ Տիկ. Սարօ եւ Թամարա Տէր Պետրոսեաններու 100.000 $ բացառիկ նուիրատուութեան։ Ստեղծագործարանը, աշակերտներուն կը տրամադրէ նպաստաւոր միջավայր մը, զարգացնելու տեսողական արուեստներու մէջ իրենց հմտութիւններն ու գիտելիքները, օգտագործելով նորագոյն արհեստագիտութիւնը՝ մոնթաժի սրահ, լուսանկարչական տաղաւար եւ այլ թեքնիք ենթակառոյցներ, որոնք ներկայիս իրենց տրամադրութեան […]

15 Նոյեմբերի 2022

Տոքթ. Արի եւ Փաթիլ Մկրտիչեան գերազանցութեան եւ մանկավարժական նորարարութեան մրցանակ

Դպրոցի հիմնադրամը պատիւն ունի յայտարարելու Տոքթ. Մկրտիչեանի անուան գերազանցութեան եւ մանկավարժական նորարարութեան մրցանակի վերադարձի մասին: Այս նախաձեռնութիւնը նպատակ ունի վեր առնել Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանի ուսուցչական կազմի այն անդամներու ներդրումը, որոնք կը զատորոշուին իրենց մանկավարժական մօտեցումի գերազանցութեամբ  եւ նորարարութեամբ: Մենք երախտապարտ ենք Տոքթ. Արի եւ Տիկ. Փաթիլ Մկրտիչեաններուն իրենց առատաձեռնութեան համար, որուն շնորհիւ մենք կ՛արժեւորենք […]

Partenaires

Սարաֆեան Հիմնադրամ

Բաստրմաճեան Հիմնադրամ

Մանուկ Չուխաճեան ընտանիքի Հիմնադրամ

Հրանդին եւ Ետուարդ Մարտինեան, Ստեփան Յ.Կ. Վարվարեան եւ Արաքսի Ա. Չաքըճեան Հիմնադրամ