Ընդհանուր նուիրատուութիւն
Կրնաք ընդհանուր նուիրատուութիւն մը կատարել, նուիրատուութիւն մը ձեր սիրելիին յիշատակին, նուիրատուութիւն մը անձ մը մեծարելու համար կամ յատուկ առիթ մը նշելու համար։ Կրնաք նաեւ ամսական նուիրատուութիւններ կատարել՝ հիմնադրամին ձեր շարունակական աջակցութիւնը ցուցաբերելու համար:
Ծրագրուած նուիրատուութիւններ
Ձեր մարդասիրական ծրագիրը նախապատրաստեցէք։ Կտակներ, բաժնետոմսերու նուիրատուութիւններ, կամ կեանքի ապահովագրութեան նուիրատուութիւններ, տուրքերէ զերծ մնալու համար կրնան կարեւոր առաւելութիւններ ունենալ նուիրատուին կամ անոր ժառանգորդին համար։Այս նուիրատուութիւնները կարելիութիւն կը ստեղծեն հիմնադրամին, երկարաժամկէտ ծրագիրներ մշակելու համար։ Ծրագրուած նուիրատուութիւններու մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ունենալու համար կապուեցէ՛ք մեզի
Մարդասիրական համագործակցական ծրագիրներ
Գիտէի՞ք թէ բազմաթիւ ընկերութիւններ մարդասիրական ծրագիրներ ունին, որպէսզի քաջալերեն իրենց պաշտօնեաներուն կամաւոր եւ մարդասիրական աշխատանքը, զուգորդուած նուիրատուութիւններու ճամբով կամ իրենց պաշտօնեաներուն համայնքային կամաւոր աշխատանքը խրախուսող միջոցներով. մարդկային պաշարներու ձեր պատասխանատուէն պահանջեցէք եթէ մարդասիրական համագործակցական ծրագիր մը գոյութիւն ունի ձեր ընկերութենէն ներս եւ գործի լծուեցէ՛ք, որպէսզի ձեր ազդեցութիւնը բազմապատկուի։
Դարձէ՛ք հիմնադրամին գործընկեր
Կը փափաքի՞ք դպրոցին համար ծրագիր մը պատրաստել։ Հիմնադրամին համար դրամահաւաք կատարելու գաղափար մը ունի՞ք։ Կապուեցէ՛ք մեզի որպէսզի դառնաք, Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանի հիմնադրամի գործընկեր։