2019ին Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանը նշեց իր հիմնադրութեան 45ամեակը, կազմակերպելով դրամահաւաքի աննախընթաց մեծ արշաւ խորագրուած՝ «Ներդրում կատարել ի նպաստ մեր ապագայ ղեկավարներուն»։
9 մայիս 2019ին մեկնարկած այս արշաւը շարունակուեցաւ մինչեւ թելեթոնի կազմակերպման օր՝ 3 նոյեմբեր 2019։
Աւելի քանի 575 նուիրատուներ մասնակցեցան այս մեծ դրամահաւաքին, որուն հասոյթը եղաւ աւելի քան 804 600 $ ի նպաստ չորս հիմնական ծրագիրներու՝ գլխաւոր ճաշարանի նորոգութիւն, արհեստագիտական եւ լսատեսողական խմբագրման կարելիութիւններով օժտուած սրահի մը սարքաւորում, լուսանկարչական տաղաւարի մը, ինչպէս նաեւ բոլոր անհրաժեշտ ենթակառոյցներու ապահովում, դպրոցի բակի բարեկարգում, ծաղիկէն 6–րդ կարգերու 15 դասարաններու վերանորոգութիւն եւ արդի կահոյքով կահաւորում ապահովելու աշակերտներուն աւելի աշխոյժ մասնակցութիւնը իրենց ուսումնառութեան ընթացքին։