Մեր Այգին.- գրական պարտէզ մը մեր փոքրերուն համար (2025)

4 Դեկտեմբերի 2025

9 Մայիս, 2024-ին բացումը կատարուեցաւ «Վ. Եւ Ա. Սարաֆեան» նախակրթարանի նորաստեղծ «Մեր այգին» հայերէն մանկապատանեկան գրադարանին։ Մանճիկեան ընտանիքի այս նախաձեռնութեան նպատակն էր, ստեղծել տարածք մը, ուր մեր փոքրերը կրնան կարդալ, սորվիլ, խաղալ ու հայերէն գիրքերով շնչել։ Հանգուցեալ Յակոբ Մանճիկեանին յիշատակին նուիրուած եւ հայաշունչ Քէսապը յիշեցնող այս գրական պարտէզը, առիթ կու տայ փոքրերու իրերայաջորդ սերունդներուն ծանօթանալու հայկական մանկապատանեկան գրականութեան, ընթերցանութեան եւ մտքերու փոխանակման յարմար վայրի մը մէջ։

Հիմնադրամը իր ջերմագին շնորհակալութիւն կը յայտնէ Մանճիկեան ընտանիքին այս ոգեւորիչ նախաձեռնութեան եւ իր առաքելութեան անվերապահ զօրակցութեան համար։

Partenaires

Սարաֆեան Հիմնադրամ

Բաստրմաճեան Հիմնադրամ

Մանուկ Չուխաճեան ընտանիքի Հիմնադրամ

Հրանդին եւ Ետուարդ Մարտինեան, Ստեփան Յ.Կ. Վարվարեան եւ Արաքսի Ա. Չաքըճեան Հիմնադրամ