Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի հիմնադրութեան յիսնամեայ յոբելեանին առթիւ, Տէր եւ Տիկին Վահագն եւ Տանիա Գարագաշեան վարժարանի գրադարանին նուիրեցին Հայր Միքայէլ Չամչեանի «Պատմութիւն Հայոց»ի 240 տարուան հնաւանդութիւն ունեցող հատորները։
Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան անդամ, պատմաբան, լեզուաբան եւ աստուածաբան Հայր Միքայէլ Չամչեանի «Պատմութիւն Հայոց. Ի սկզբանէ աշխարհի մինչև ցամ Տեառն 1784» աշխատութեան հնատիպ հատորները հրատարակուած են 1786-ին վենետիկի մէջ։ Այս աշխատութիւնը, Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի քննական պատմութիւնը ստեղծելու առաջին փորձն էր մեր պատմագիտութեան մէջ։ Նուիրատուները հնատիպ հատորները կը նուիրեն, որպէսզի Սուրբ Յակոբ վարժարանի աշակերտները մօտէն ծանօթանան Մխիթարեաններու բազմավաստակ գրական ժառանգութեան։ Անոնք նաեւ վարժարանին կը նուիրեն իրենց գրադարանի գրական եւ արուեստի գրքերու ամբողջ հաւաքածոն։