Գործընկերութիւն՝ Մանուկ Չուխաճեան ընտանիքի հիմնադրամին հետ:
Մանուկ Չուխաճեան ընտանիքի Հիմնադրամը (FFMD) ոչ հասութաբեր կազմակերպութիւն է, որուն առաքելութիւնն է կրթաթոշակներ տրամադրել կարիքաւոր ընտանիքներէ եկող ուսումնատենչ աշակերտներու, որպէսզի անոնք կարենան ամբողջացնել իրենց ուսումը:
Կ՚ուզենք նաեւ նշել, որ FFMDը մեր երկարամեայ բարերարներէն է: 2012 թուականին Հիմնադրամի կողմէն 105,000 գանատական տոլարի ներդրումին շնորհիւ հնարաւորութիւն ունեցանք վերանորոգելու վարժարանիս տարրալուծարանը, որ մինչեւ օրս օգտակար կը հանդիսանայ մեր աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն, գիտութեան եւ քիմիաբանութեան դասապահերու ընթացքին: 2012 թուականէն ի վեր մենք նաեւ կը վայելենք հիմնադրամին աջակցութիւնը կրթաթոշակներու նպաստի ծրագրին, որուն շնորհիւ որոշ աշակերտներու հնարաւորութիւն կը տրուի իրենց ուսումը ամբողջացնելու։
2020 թուականի փետրուարին, Վարժարանիս տնօրէնութիւնն ու FFMD հիմնադրամի խորհուրդը հաստատեցին կրթաթոշակներու տրամադրման նոր ծրագիր մը, երկրորդական բաժնի այն աշակերտներուն համար, որոնք 85 % եւ աւելի միջին կ՚ապահովեն եւ կու գան կարիքաւոր ընտանիքներէ։ Այս ծրագրով նաեւ նպաստ կը ստանան այն աշակերտները, որոնք իրենց կարգի բարձրագոյն միջինը ապահոված են։
2020-2021 տարեշրջանին համար, FFMDը 15 աշակերտներու 550,50 գանատական տոլարի կրթաթոշակ հայթայթած է։ Առաւել, 5 գերազանցութեան մրցանակ 550 – 1101 գանատական տոլար արժողութեամբ, այն աշակերտներուն համար որոնք երկրորդական բաժնին մէջ, իրենց կարգի բարձրագոյն միջինը ապահոված են։ իսկ 2021-2022 տարեշրջանին համար, FFMDը 25 աշակերտներու համար 28 206,45 տոլարի կրթաթոշակ հայթայթած է։ Այսպիսով, թէ վարժարանիս տնօրէնութիւնը եւ թէ Օժանդակութեան հիմնադրամը կը քաջալերեն այն աշակերտները, որոնք ջանք չեն խնայեր գերազանց արդիւնք ապահովելու։ Շնորհակալութիւն FFMDին, իրենց առատաձեռնութեան եւ նեցուկին համար։
Պարոն Չուխաճեան, ի՞նչը ձեզ կը մղէ բարեգործական եւ մարդասիրական գործունէութեան։
Դիւրին չէ պատասխանել այս հարցումին, բայց պիտի փորձեմ հակիրճ կերպով ձեւակերպել միտքս։
Մարդասիրական գործունէութիւնը բարեգործական յատուկ նպատակներ հետապնդող կազմակերպուած աշխատանքն է: Բարերարները յաճախ մղում կ՚ունենան իրենց ջանքերուն շնորհիւ դրական ազդեցութիւն ունենալ ապագայ սերունդներուն վրայ, լուծումներ գտնելով կամ՝ բարելաւելով կարգ մը պայմաններ, որոնք կ՚օժանադկեն անհատներու, ընտանիքներու, համայնքներու կամ կազմակերպութիւններու բարեկեցութեան:
Նպատակաուղղուած բարեգործական աշխատանքերը, ոչ միայն կը նպաստեն իրենց շրջապատին եւ համայնքին այլ նաեւ սրտի խոր գոհունակութիւն կը պարգեւեն բարերարին, որովհետեւ ան իր կատարած նուիրատուութեամբ իր համայնքին նպաստած ըլլալու գոհունակութիւնը կ՚ապրի։
2010 տարեշրջանի աւարտին, հիմնեցի Մանուկ Չուխաճեան ընտանեկան հիմնադրամը, որուն հիմնական առաքելութիւնն է կրթութիւնը հասանելի դարձնել աշխատասէր եւ ուսումնական գետնի վրայ յաջողած աշակերտներու, որոնք դէմ յանդիման կը գտնուին նիւթական դժուարութիւններու։ Այսպիսով, մենք ուսման կարելիութիւն ընձեռած կ՚ըլլանք բոլոր անոնց, որոնք կը ձգտին բարձրագոյն կրթութիւն ստանալու։
Երեք տարի առաջ, ես կորսնցուցի կինս, որ հինգ տարի շարունակ պայքարեցաւ SLAի (sclérose latérale amyotrophique) դէմ։ SLAը ջղաբջիջային այլասերումի հիւանդութիւն մըն է, որուն բուժումը ցարդ գոյութիւն չունի։ Կնոջս մահէն քանի մը ամիս ետք, ես եւ աղջիկս՝ Օտրին, մտածեցինք թէ ի՞նչ կարելի է ընել, որպէսզի ուրիշ ընտանիքներ մեր ապրած ցաւը չապրին։ Այս առաջադրանքով կապ հաստատեցինք Armand-Frappier հիմնադրամին հետ եւ 1 միլիոն գանատական տոլարի մարդասիրական օժանդակութեամբ ուզեցինք օգտակար դառնալ Գանատայի մէջ SLAի բուժման համար կատարուող ուսումնասիրութիւններուն։ Ամպիոնը, որ ստեղծուեցաւ 2019ի նոյեմբերին, կը կոչուի Աննա Սֆորզա Չուխաճանեան, ի պատիւ եւ ի յիշատակ իմ հանգուցեալ կնոջս։
Փրոֆ. Քեսսեն Փաթենի գլխաւորութեամբ այս ամպիոնի նպատակն է արդիւնաւէտ բուժման միջոցներ մշակել` կանխելու եւ հակազդելու SLAին: Յաջողութեան պարագային այս ջանքերը կը փոխեն եւ բառացիօրէն կը փրկեն, ամէն տարի, հարիւր հազարաւոր մարդոց կեանքերը, հիանալի օրինակ հանդիսանլով, թէ ինչպէս անհատական նպատակադրուած նուիրատուութիւնները, կրնան փոխել պատմութեան ընթացքը ՝ աջակցելով կարեւոր խնդիրներու լուծման, որոնք այլապէս կը մնան ուշադրութեան շրջածիրէն դուրս չունենալով բաւարար նիւթական աջակցութիւն։
Բարեբախտաբար, ցարդ FFMDի ստանձնած պարտաւորութիւնները երիտասարդներու կրթութեան եւ առողջութեան պահպանման ոլորտին մէջ եղած են արդիւնաբեր եւ առաջընթաց արձանագրած են: Իհարկէ, միշտ ընելիք կայ… եւ աշխատանքի ոլորտները բազմաթիւ են։ Ուստի երբ հնարաւորութիւնը կայ, մենք աշխուժօրէն կ՚աջակցինք օգտակար նպատակներու իրականացման։
Ի՞նչ բան մղեց ձեզի որպէսզի աջակցիք մեր ծրագրին։
Սուրբ Յակոբ վարժարանի հետ մեր համագործակցութիւնը բնական կը համարենք։ Քանի որ դպրոցը ունի յատուկ կարիքներ, մենք որոշեցինք աջակցիլ վարժարանին՝ այդ կարիքներուն գոհացում տալու համար, որովհետեւ բոլորն ալ մաս կը կազմեն մեր բարեգործական աշխատանքներու ծիրին եւ հետաքրքրութիւններուն։ Իհարկէ, մենք կ՚ուզենք նաեւ դրական փոփոխութիւններ բերել համայնքին, Մեծն Մոնթրէալի հայ համայնքին, որ շատ հոգեհարազատ է մեզի եւ որուն հպարտօրէն մաս կը կազմենք։
Անձնական գետնի վրայ, կրթութեան ոլորտին մէջ փոփոխութիւն բերելու եւ օժանդակելու ցանկութիւնը միշտ ալ ունեցած եմ, մասնաւորապէս `այն երիտասարդներուն համար, որոնք արժանի են եւ կարիք ունին։ Այս մղումը մէջս խորապէս կապուած է մանկութենէս եկող յիշողութիւններու: Այս մասին կը մանրամսնեմ այլ առիթով…
Նշեմ միայն, որ ես վառ յիշողութիւններ ունիմ Հալէպի մէջ անցուցած իմ մանկութեանս օրերէն։ Հայրս յաճախ նիւթական դժուարութիւններու առջեւ կը գտնուէր եւ դժուարութեամբ կը հոգար 8 անդամներէ բաղկացած մեր ընտաքնիքին կարիքները։ Իսկ մայրս ոչ մէկ ջանք կը խնայէր եւ տաբեր կազմակերպութիւններու կը դիմէր, որպէսզի կարենամ բարձրագոյն եւ լաւ կրթութիւն մը ստանալ։ Ես երախտապարտ եմ իմ բարերարներուս, որոնք իրականացուցին բարձրագոյն կրթութիւն ստանալու իմ երազանքներս։ Իսկ երբ տակաւին պատանի էի ինքզինքիս խոտացայ որ ապագային ես ալ կարելիս պիտի ընեմ որ դրական ազդեցութիւն ունենամ երիտասարդներու կեանքերուն վրայ որոնք որպէս պատանի կամ երիտասարդ իմ փորձառութիւնս ապրած են։ Յոյս ունիմ նաեւ այսպիսով օրինակ հանդիսանալ այլ բարերարներու, որպէսզի իրենք ալ նոյն թափով շարունակեն այս նուիրական գործը։
Մենք ուրախ ենք եւ հպարտ, որ FFMDն 2011 թուականէն, որպէս նուիրատու, սերտ կապի մէջ է Սուրբ Յակոբ վարժարանին հետ։ Անցեալ տարի մենք մշակեցինք եւ գործի դրինք կրթաթոշակներու նոր ծրագիր մը, որ կը հետապնդէ բարեգործական նպատակներ: Ծրագիրը կրթաթոշակներ կը տրամադրէ այն ուսանողներուն, որոնք թէ՛ գերազանց ուսանող են եւ թէ՛ կու գան կարիքաւոր ընտանիքներէ։ FEASHի համատեղ եւ ամբողջական համագործակցութեան շնորհիւ է որ այսօր մենք ունինք մեր ծրագրերու յաջողութեան բանալին։ Յոյսով ենք, որ դեռ երկար տարիներ կը շարունակենք մեր համագործակցութիւնը։