Հիմնադրամը

Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանի Հիմնադրամը կազմակերպութիւն մըն է, որ կը հետապնդէ ոչ հասութաբեր նպատակ, հիմնուած է 2002 թուական։ Նուիրատուութիւններ կը ստանայ  կանխիկ, նիւթբնեղէն կամ ծառայութիւններու ձեւով եւ զանոնք կը տնօրինէ բարեսիրական նպատակներով:

Հաւաքուած նուիրատուութիւնները չեն օգտագործուիր դպրոցի ընթացիկ ծախսերը հոգալու, այլ անոնք կը յատկացուին յստակ ծրագիրներու, նպատակ ունենալով աջակցելու դպրոցին իրականացնելու իր կրթական առաքելութիւնը։

Անոնք այլ ծրագիրներու շարքին կը ծառայեն՝ աջակցութիւն ցուցաբերելու համեստ եկամուտի տէր ընտանիքներուն շնորհելով կրթանպաստներ,   ձեռք բերելու կրթական գործունէութեան համար անհրաժեշտ նիւթեր եւ սարքաւորումներ, արդիականացնելու մանկավարժական պաշարները, բարելաւելու դպրոցի կարելիութիւններն ու ենթակառոյցները։

 

Partenaires

Սարաֆեան Հիմնադրամ

Բաստրմաճեան Հիմնադրամ

Մանուկ Չուխաճեան ընտանիքի Հիմնադրամ

Հրանդին եւ Ետուարդ Մարտինեան, Ստեփան Յ.Կ. Վարվարեան եւ Արաքսի Ա. Չաքըճեան Հիմնադրամ