Մեր Իրագործումները

Մեր դպրոցը կը բարեկարգուի շնորհիւ մեր երկարամեայ աջակիցներուն:

Մեր գործընկերները եւ նուիրատուները յանձնառու են։ Ծանօթացէք անոնց ոգեշնչող նախաձեռնութիւններուն, որոնք փոփոխութիւն կը կատարեն վաղուան մեր ղեկավարներուն ի նպաստ։

2002էն ի վեր մեր առատաձեռն նուիրատուները առիթը ընձեռեցին յատկանշական գումարներ շահարկելու նորարար ծրագիրներու մէջ, որոնց շնորհիւ կարելի եղաւ ստեղծել ուսումնառութեան աւելի ոգեւորող մթնոլորտ մեր աշակերտներուն համար, որոնք վաղուան մեր ղեկավարներն են։

Ակնարկ՝ մեր իրագործումներուն մասին 
(ամենանորէն՝ ամենահինը)

Աննա եւ Մանուկ Չուխաճեան խմբավայր՝ ճաշացուցակի մեծ բարեփոխում (2022)

Ներդրումի ընդհանուր գումար՝ 850 000 $

«Ներդրում կատարել վաղուան ղեկավարներու ի նպաստ» արշաւը այլ ծրագիրներու շարքին նպատակ ունէր վերանորոգել ճաշարանը։ Մանուկ Չուխաճեան ընտանիքի հիմնադրամի 400 000 $ի  բացառիկ նուիրատուութիւնը, աւելնալով թելեթոնին հանգանակուած գումարներուն վրայ, կարելի դարձուց 2022ին ստեղծել Աննա եւ Մանուկ Չուխաճեան խմբավայրը. Այս մեծ ծրագիրը առաջնորդելու համար հիմնադրամը կազմեց քառանդամ յանձնախումբ մը բաղկացած հետեւեալ անդամներէ՝ Տիար Մարտիրոս Պայկըն՝ ճարտարապետ, Տիար Գրիգոր Տէր Ղազարեան՝  Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանի կրթական խորհուրդի ատենապետ,Տիար Վարդան Բաբախեան՝ Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանի գործառնութիւններու տնօրէն, Տիար Վազգէն Մխճեան՝ Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ գործառնութիւններու տնօրէն, եւ Տիար Վարուժան Պալեան՝ եկեղեցւոյ վարչական խորհուրդի անդամ, Տիկ. Լորի Ապրաքեան՝ ընդհանուր տնօրէն, Տիկ. Թամար Եաղճեան՝ ելեւմտական տնօրէն, որոնք նոյնպէս իրենց նպաստը ունեցան այս կարեւոր աշխատանքներու իրականացման համար։ Յանձնախումբը կը փափաքի նշել անունները ծնողներ՝ Տիար Րաֆֆի Ապրաքեանի եւ Տիար Յակոբ Սարաճ- Յակոբեանի, որոնք իրենց մասնագիտական փորձառութիւնները բաժնեկցելով նպաստեցին այս ծրագիրի յաջողութեան։ Այս խմբավայրը, տաք եւ սննդարար ճաշ մը մատուցելու վայրէ մը աւելին է, անիկա ժամանակակից եւ լուսաւոր բազմաբնոյթ գործածութեան վայր մըն է։ Ջերմօրէն շնորհակալութիւն կը յայտնենք Մանուկ Չուխաճեան ընտանիքի հիմնադրամին, ինչպէս նաեւ մեր սիրելի կամաւորներուն եւ կ՛ողջունենք անոնք յանձնառութիւնը ի սպաս մեր առաքելութեան։

Ստեղծագործարանը՝ արհեստագիտութիւնը ի նպաստ ստեղծագործական զարգացման (2022)

Ներդրումի գումար՝ 150 000 $

«Ներդրում կատարել վաղուան ղեկավարներու ի նպաստ» մեր արշաւի առաջնահերթ ծրագիրներէն էր, ստեղծել ամբողջովին նոր տեսողական արուեստներու յատկացուած տարրալուծարան մը՝ ստեղծաործարանը. 2022ին հիմնադրամը բացումը կատարեց արհեստագիտական ժամանակակից այս տարրալուծարանին, որուն հիմնադրութիւնը կարելի եղաւ յատկապէս շնորհիւ Տէր եւ Տիկ. Սարօ եւ Թամարա Տէր Պետրոսեաններու 100.000 $ բացառիկ նուիրատուութեան։ Ստեղծագործարանը, աշակերտներուն կը տրամադրէ նպաստաւոր միջավայր մը, զարգացնելու տեսողական արուեստներու մէջ իրենց հմտութիւններն ու գիտելիքները, օգտագործելով նորագոյն արհեստագիտութիւնը՝ մոնթաժի սրահ, լուսանկարչական տաղաւար եւ այլ թեքնիք ենթակառոյցներ, որոնք ներկայիս իրենց տրամադրութեան տակ են։ Այս միջավայրին մէջ, աշակերտները կը սորվին  օգտագործել թուային լուսանկարչական մեքենայ, տեսախցիկ, գծագրական թապլէթներ եւ տարբեր ծրագիրներ խմբագրելու իրենց ստեղծագործութիւնները։ Մեր ջերմ երախտագիտութիւնը Տէր եւ Տիկ. Տէր Պետրոսեաններուն ամբողջ սրտով մեր երիտասարդ արուեստագէտներուն կազմաւորման եւ զարգացման նպաստելու համար։

Անցում դէպի արհեստագիտութիւն (2018-2022)

Ներդրումի գումար՝ 285,000 $

Դպրոցին դէպի արհեստագիտութիւն անցումը քաջալերելու համար, Բաստրմաճեան Հիմնադրամը  2018 թուականին 240 000 $ բացառիկ նուիրատուութիւն մը կատարեց, գնելու 200 թապլէթներ. 2022ին Հիմնադրամը 45 000 $-ի  այլ նուիրատուութիւն մը կատարեց, որուն շնորհիւ կարելի եղաւ   գնել յաւելեալ 60  iPad-ներ։ Բաստրմաճեան Հիմնադրամի 285 000 $ -ի ընդհանուր նուիրատուութեան շնորհիւ կարելի եղաւ գնել Ափըլ մակնիշի ընդհանուր 260 tablet-ներ։ առիթ ընձեռելով  մեր աշակերտներուն հարուստ եւ բազմազան կրթական գործունէութիւն իրականացնել արհեստագիտութեան միջոցով: Բացի այդ, Հիմնադրամը  հովանաւորեց Chromebook ծրագիրի մէկ մասը, 7-րդ դասարանի  աշակերտներուն համար, որպէս բարի գալուստի նուէր երկրորդական բաժին, որ կը կրէ հիմնադրամի անունը: Մեր մեծ նուիրատուներուն յանձնառութիւնը, առիթ կ՛ընձեռէ մեր աշակերտներուն օգտուելու կրթական հարուստ եւ բազմազան գործունէութիւններէ, միշտ օգտագործելով բարձր արհեստագիտութեան գործիքները։ Այս նախաձեռնութեան շնորհիւ դպրոցը նաեւ կ՛ընդլայնէ աշակերտներուն մատուցած իր ծառայութիւններուն դաշտը։ Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Բասրմաճեան հիմնադրամին, դպրոցին դէպի արհեստագիտութեան անցումին աջակցելու համար։

Երբ գիրք մը կը հովանաւորէ հաղորդակցութեան ծրագիր մը (2021)

Ներդրումի գումար՝ 19 650 $

2021ին, Տոքթ. Արի Մկրտիչեան եւ լրագրող Մարի-Իվ Մորաս միասնաբար հրատարակեցին «La récidive» խորագրուած գիրք մը, որ կը ներկայացնէ քաղցկեղը հիւանդին եւ բժիշկին դիտանկիւններէն։ 18 նոյեմբեր 2021ին տեղի ունեցաւ  «La récidive» գիրքին շնորհահանդէսը։ Այս առիթով բազմաթիւ ներկաներ նուիրատուութիւն կատարեցին։ Տոքթ. Մկրտիչեանը առատաձեռնօրէն որոշեց այս գիրքի վաճառքէն գոյացած հասոյթի իր բաժինը ամբողջութեամբ նուիրել հիմնադրամին։ Այս ծրագիրէն գոյացած ամբողջ գումարը  յատկացուեցաւ երկրորդականի աշակերտներուն յատուկ հաղորդակցութեան եւ լրագրութեան նոր ծրագրի մը, որ  կը միտի զարգացնել աշակերտներուն լրագրութեան ասպարէզի անհրաժեշտ հմտութիւնները, հարստացնելով իրենց գիտելիքները ընկերային հարցերու վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ քաջալերելով բարոյական հաղորդակցութիւնը՝ գրաւոր թէ բանաւոր, ձայնասփիւռով կամ հեռատեսիլով։ Այս ծրագիրի ընդմէջէն, տարբեր նիւթեր արծարծուեցան, յատկապէս լուսանկարչական լրագրութիւնը, լրատուամիջոցներու համար թղթակցութեան տարբեր ձեւերը, ձայնագրութեան եւ տեսագրութեան խմբագրութիւն, առանց մոռնալու լրագրողական բարոյականութիւնը եւ լրագրողի պատասխանատուութիւնը։ Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Տոքթ. Արի Մկրտիչեանին եւ բոլոր ընթերցողներուն իրենց աջակցութեան համար։

Պսակի արտակարգ նուէր մը (2021)

Ներդրումի գումար՝ 15 650 $

Գիտէի՞ք որ դուք կրնաք ձեր յատուկ առիթները նշել Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանի հիմնադրամին նուիրատուութիւն կատարելով։ Ապրիլ 2021ին, իրենց պսակադրութեան առիթով, Տէր եւ Տիկ. Մուրատ եւ Նորա Թէքը, իրենց հարազատները հրաւիրեցին նուիրատուութիւն կատարելու հիմնադրամին, փոխան հարսանեկան նուէրի։ 15 650 $-ի գումար մը հաւաքուեցաւ եւ ամոլին խնդրանքով յատկացուեցաւ նախակրթարանի աշակերտներուն գիրքերու նոր հաւաքածոյ մը գնելու ծրագրին։ Ազդեցութիւնը բազմապատկելու գեղեցիկ նախաձեռնութիւն մըն էր։ Ջերմօրէն շնորհակալութիւն կը յայտնենք Տէր եւ Տիկ. Մուրատ եւ Նորա Թէքին, իրենց պսակին օրը մեր երիտասարդ ընթերցողներուն մասին մտածելու համար։

Նուիրատուութիւն մը, որ կը խրախուսէ աշակերտներուն կեդրոնացումն ու առողջ ապրելակերպը (2021)

Ներդրումի գումար՝ 10 000 $

Տէր եւ Տիկ. Վահէ եւ Նայիրի Շալճեանները նուիրատուութիւն կատարեցին, որուն շնորհիւ դպրոցը կրցաւ գնել յատուկ կահոյք, որ կը նպաստէ սորվելու առողջ միջավայր ստեղծելու։ Իսկապէս, շարժման գիտութեան համաձայն, այս կահոյքը թոյլ կու տայ աշակերտներուն ֆիզիքական աշխոյժութեան որոշ մակարդակ մը պահպանել, նոյնիսկ եթէ անոնք նստած են, խթանելով մարմնի եւ ուղեղի մկանները։ Այս նուիրատուութեան շնորհիւ, դասարանները այսուհետեւ օժտուած են նստած կամ ոտքի կեցած աշխատելու յարմարութիւններով, ինչպէս նաեւ Հոքքի աթոռակներով, որոնք կը խրախուսեն կեդրոնացումը։ Մեր ջերմագին շնորհակալութիւնը կը յայտնենք Տէր եւ Տիկ. Վահէ եւ Նայիրի Շալճեաններուն եւ կ՛ողջունենք անոնց յանձնառութիւնը ի սպաս մեր առաքելութեան։

Ուսուցչարանի վերանորոգութիւն՝ յարմարաւէտ վայր մը աշխատելու եւ հանգստանալու համար (2019)

Ներդրումի գումար՝ 100 000 $

Տէր եւ Տիկ. Կարօ եւ Անի Տօնոյեանները մասնակցած են մեծ թիւով ծրագիրներու եւ նպաստած են աշակերտներուն եւ դպրոցի անձնակազմին համար ուսումնառութեան եւ աշխատանքի աւելի ոգեշնչող եւ ջերմ միջավայրի ստեղծման։ 2019ին Տէր եւ Տիկ. Տօնոյեանները փափաքեցան ուսուցիչներուն տրամադրել աշխատանքի յարմարաւէտ տարածք. Նոյն տարուան 25 հոկտեմբերին, դպրոցի վարչական խորհուրդը բացումը կատարեց երկրորդականի ուսուցչարանին։ Ջերմօրէն շնորհակալութիւն կը յայտնենք Տէր եւ Տիկ. Կարօ եւ Անի Տօնոյեաններուն եւ կ՛ողջունենք անոնց յանձնառութիւնը ի սպաս մեր առաքելութեան։

Դպրոցի երկու շրջանաւարտներու շնորհիւ, ընթերցանութեան հանգստաւէտ անկիւններու ստեղծում (2018)

2014-ին դպրոցի երկու շրջանաւարտներ՝ Ալեքս Պէզճեան եւ Շիրազ Գասարճեան, իրենց առաքելութիւնը համարեցին կահոյքի ճարտարարուեստին մէջ յեղափոխութիւն կատարել. ՆՈՐՔԱ ընկերութիւնը ստեղծուեցաւ, այն հեռանկարով որ կարելի ըլլայ աւանդական կահոյքի կոշտ յատկութիւնը  փոխարինել նոր ձեւաւորումով, որ աննախադէպ մակարդակի շարժունակութիւն, ոճ եւ հանգստաւէտութիւն կը պարգեւէ: 2018-ին ՆՈՐՔԱ-ն նուիրեց պինպակ եւ փուֆ պարկաբազմոցներ մեր աշակերտներուն համար ընթերցանութեան աւելի հանգստաւէտ անկիւններ ստեղծելու համար: Մենք կը շնորհաւորենք մեր շրջանաւարտները իրենց ձեռներէցութեան համար եւ շնորհակալութիւն կը յայտնենք իրենց՝ մեր բնակարաններն ու  աշխատավայրերը առ աւելի ջերմ դարձնելու համար:

Րոպոթիքի նոր սրահի մը սարքաւորում՝ կրթական Րոպոթիքի համարկում, որպէս արհեստագիտա մանկավարժական գործիք (2018)

Ներդրումի գումար՝ 25  000 $.

Րոպոթիքի նոր սրահը սարքաւորուեցաւ շնորհիւ Տիկ. Ռոզիկ Մուրատեանի աննախընթաց կտակին։ Ան ծնած է Եգիպտոս 1924ին, ապրած է Աղեքսանդրիա, ապա՝ 60ական թուականներուն՝ Պրիւքսէլ։ Իր ծնողներուն եւ ամուսինին մահէն ետք, ան Գանատան կ՛ընտրէ, որպէս բնակութեան վայր։ Ռոզիկ Մոնթրէալ կը ժամանէ 3 մայիս 1985ին։ Նոյն տարին ան կ՛անդամակցի ՀՕՄին, եւ ամբողջ կեանքը կը նուիրէ, զինք ընդունած համայնքին ծառայելով։ Ռոզիկ Մուրատեան կը մահանայ 14 հոկտեմբեր 2016ին, Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանին կտակելով 25 000 $։

Ռոզիկ Մուրատեանի կտակած գումարին շնորհիւ կարելի եղաւ արհեստագիտութեան սրահը սարքաւորել։ Այս առատաձեռն նուիրատուութեան շնորհիւ կրթական Րոպոթիքը որպէս արհեստագիտական մանկավարժական գործիք ներմուծուած է մեր  վաղուան ղեկավարներու կրթութեան եւ կազմաւորման գործընթացին մէջ։

Ապրելու եւ աշխատանքային միջավայրի բարեկարգում (2018)

Ներդրումի գումար՝ 130 000 $

2018ին Տէր եւ Տիկ. Կարօ եւ Անի Տօնոյեանները փափաքեցան դպրոցի ապրելու, սորվելու եւ աշխատանքային տարածքները դարձնել աւելի ջերմ ու հաճելի, ինչպէս աշակերտներուն, այնպէս ալ դպրոցի անձնակազմին համար։ Անոնց 130 000$-ի առատաձեռն նուիրատուութեան շնորհիւ կարելի եղաւ վերանորոգել Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանի տնօրէնութեան սենեակը, ինչպէս նաեւ վերանորոգուեցան աշակերտներուն ​​պահարանները, եւ երեք դասարաններ: Շնորհակալութիւն այս մեծ նուիրատուներուն, որոնց շնորհիւ մեր դպրոցը բարեզարդուեցաւ:

Ներքին հաղորդակցութեան եւ հեռաձայնային համակարգի արդիականացում (2017)

Ներդրումի գումար՝ 100 000 $

Տէր եւ Տիկ. Կարօ եւ Անի Տօնոյեանները մասնակցած են բազմաթիւ ծրագիրներու, որոնք նպաստած են դպրոցի առօրեայ գործունէութիւնը աւելի աշխատունակ եւ արդիւնաւէտ դարձնելու: 2017ին անոնց մեծ ներդրումին շնորհիւ արդիականացաւ դպրոցի ներքին հաղորդակցութեան եւ հեռաձայնային համակարգը։ Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Հիմնադրամին մեծապէս նպաստող այս ամոլին մեր առաքելութեան նկատմամբ իրենց շարունակական յանձնառութեան համար։

«Գալֆայեան» փոքր մարզարանի վերանորոգում՝ առողջ միտք առողջ մարմնի մէջ (2017)

Ներդրումի գումար՝ 150 000 $

Իզմիրի ջարդերէն հրաշքով փրկուած Կարապետ եւ Մաննիկ Գալֆայեանները 1923ին կը հաստատուին Աղեքսանդրիա, Եգիպտոս։ Անոնց հետ էր իրենց 2 տարեկան որդին՝ Յարութիւնը, աւելի ուշ անոնք կ՛ունենան երկու այլ զաւակներ՝ Յակոբ եւ Անահիտ Գալֆայեան, Գաբրիէլեան։ Հօր մահուան պատճառով Յակոբ կը ստիպուի լքել իր ուսումը եւ նուիրուիլ ոսկերչութեան ասպարէզին։ Իր մահէն ետք, անոր կտակը փոխանցուած է Հիմնադրամին, Պրն. Գալֆայեանի փափաքով՝ օգտակար դառնալու հայկական վարժարանին։

Շնորհիւ այս կտակի նուիրատուութեան, անգործածելի հին հանդերձարանը քանդուեցաւ եւ ամբողջութեամբ նորոգուեցաւ, ստեղծելու նոր պզտիկ մարզարան մը։ Այս վայրը կերպարանափոխուելով այսօր կը գործէ որպէս ծաղիկ դասարանի եւ նախակրթարանի խաղավայրի եւ զբօսանքի տարածք։

Նոր գրադարանը՝ մտային հարստացման վայր մը (2016)

Վերանորոգուած է ՀՕՄի Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղին կողմէ։

Ներդրումի գումար՝ 50 000 $

Նոյնպէս 2016ին Ծնողական խորհուրդին կողմէ արդիականացան սարքաւորումները։

Ներդրումի գումար՝ 30 000 $

12 Ապրիլին, Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանը իր նոր գրադարանին բացումը կատարեց։ Արդիականացումը զգալի է ուսման եւ գիտութեան բարձրորակ այս վայրի բոլոր յարմարութիւններուն վրայ՝ դարաններէն մինչեւ գրասեղաններ, աթոռներ եւ բազմոցներ, առանց մոռնալու համակարգիչներն ու անոնց ծրագիրները։ Վաղուան մեր ղեկավարները ներկայիս իրենց տրամադրութեան տակ ունին ժամանակակից, յարմարաւէտ եւ դիւրաւ գործածելի սորվելու տարածք։

Հիմնադրամը շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր նուիրատուներուն, որոնք մասնակցեցան այս ծրագրի իրականացման, եւ իր երախտագիտութիւնը կը փոխանցէ Տէր եւ Տիկ. Տօնոյեաններուն, Տէր եւ Տիկ. Աֆէեաններուն, գրադարանի աթոռները նուիրելու համար, ՀՕՄի Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղըին, ինչպէս նաեւ ծնողական յանձնախումբին տպաւորիչ դրամահաւաքին համար։

Սուրիացի գաղթականներուն կրթաթոշակի օժանդակութիւն (2015)

Ներդրումի գումար՝ 100 000 $

2014 եւ 2018 տարիներու միջեւ, համայնքի աջակցութեան շնորհիւ դպրոցը ընդունեց աւելի քան 200 սուրիացի գաղթական աշակերտներ։ Մայիս 2015ին, դպրոցի ի նպաստ կազմակերպուած տարեկան երեկոյին առիթով, Տէր եւ Տիկ. Ժորժ եւ Սիմէ Արմոյեանները առատաձեռնօրէն կատարեցին 100 000 $ նուիրատուութիւն մը աջակցելու Գանատա նոր ժամանած ընտանիքներու կրթաթոշակներուն։ Շնորհակալութիւն բոլոր առատաձեռն նուիրատուներուն իրենց մարդասիրական մօտեցումին եւ այս նուիրատուութեան համար, որ բարեփոխեց բազմաթիւ կեանքեր։

«Տիգրան եւ Տիանա Հաճէթեան» մարզարանի վերանորոգութիւն 2013-2014

Ներդրումի գումար՝ 130 000 $

Հաճէթեան ընտանիքին կողմէ 130 000 $ի նուիրատուութեան մը առիթ ընձեռեց մարզարանի նորոգութիւն։ Մարզուելու եւ համախմբուելու այս վայրը, հիմա աւելի ապահով է եւ պատշաճեցուած՝ գոհացնելով համայնքին կարիքները։

 

Գիտութեան նոր տարրալուծարան՝ արդիական եւ ապահով յարմարութիւններ (2012)

Վերանորոգուած Մանուկ Չուխաճեան ընտանեկան հիմնադրամին կողմէ 2012ին։

Ներդրումի գումար՝ 105 000 $

Հիմնադրամին կատարուած 105 000 $ գումարի մը շնորհիւ, 2012ին կարելի եղաւ վերանորոգել քիմիագիտութեան տարրալուծարանը, ներդրում մը որ կը շարունակէ օգտակար դառնալ աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն։

Բաստրմաճեան սրահ՝ ներկայացումներու 20 տարիներ (2002)

Ներդրումի գումար՝ 250 000$

Վերանորոգուած Բաստրմաճեան հիմնադրամին կողմէ 2002ին։

Բաստրմաճեան սրահի հիմնական նորոգութիւններ եւ թեքնիք լսատեսողական սարքաւորումներու արդիականացում կատարուեցան։

Partenaires

Սարաֆեան Հիմնադրամ

Բաստրմաճեան Հիմնադրամ

Մանուկ Չուխաճեան ընտանիքի Հիմնադրամ

Հրանդին եւ Ետուարդ Մարտինեան, Ստեփան Յ.Կ. Վարվարեան եւ Արաքսի Ա. Չաքըճեան Հիմնադրամ