ազդեցութիւն

Զօրակցելով Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանի հիմնադրամին, ներդրում կը կատարէք վաղուան մեր ղեկավարներու պատրաստութեան ի նպաստ։

Ձեր նուիրատուութիւնը սատար կը հանդիսանայ դպրոցին, շարունակելու իր կրթական առաքելութիւնը, ժամանակակից կառոյցներու մէջ, արհեստագիտական արդիւնաւէտ գործիքներով եւ մանկավարժական նորարար միջոցներով։

 

Հիմնադրամին նուիրաբերելով, դուք՝

1 – Կը մասնակցիք կառոյցներու արդիականացման
2 – Կ՛աջակցիք կրթական աղբիւրներու զարգացման
3 – Կը ստեղծէք դասաւանդման աւելի ոգեւորող միջավայր

Partenaires

Սարաֆեան Հիմնադրամ

Բաստրմաճեան Հիմնադրամ

Մանուկ Չուխաճեան ընտանիքի Հիմնադրամ

Հրանդին եւ Ետուարդ Մարտինեան, Ստեփան Յ.Կ. Վարվարեան եւ Արաքսի Ա. Չաքըճեան Հիմնադրամ