Կրթանպաստներ

«Շնորհակալութիւն կը յայտնենք մեր առատաձեռն նուիրատուներուն, որոնք թէ՛ իրենց ներդրումը կը բերեն նուիրատուութիւններու տարբեր հիմնադրամներու, թէ՛ տարուան ընթացքին նիւթական օժանդակութիւն բաշխելու նոր կրթանպաստներ ստեղծելու։»

Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանի կրթանպաստներու յանձնախումբը ամէն տարի երկու տեսակի կրթանպաստներ կը յատկացնէ։ Համեստ եկամուտի տէր ընտանիքներուն եւ գերազանցութեան մրցանակ, այն աշակերտներուն որոնք կը  զատորոշուին մէկ կամ աւելի դասանիւթերու մէջ իրենց գերազանցութեամբ։ 

Կրթանպաստի ստանալու համար, ընտանիքները պէտք է ներկայացնեն դիմումը, որ յանձնախումբին կողմէ խորհրդապահութեամբ կը քննուի եւ կ՛արժեւորուի։

Գերազանցութեան մրցանակի կրթանպաստները կը շնորհուին հիմնադրամին կողմէ, աշակերտներուն արձանագրած դպրոցական արդիւնքներուն հիմամբ, վկայականաց բաշխման հանդիսութեան ընթացքին։ 

Բոլոր կրթանպաստները կը շնորհուին արդարօրէն, Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանի հիմնադրամի կանոնագրութեան համաձայն, յարգելով դպրոցի կրթական ծրագիրը, կրթական եւ վարչական քաղաքականութիւնները, ինչպէս ընդունման գործընթացը։

 

Partenaires

Սարաֆեան Հիմնադրամ

Բաստրմաճեան Հիմնադրամ

Մանուկ Չուխաճեան ընտանիքի Հիմնադրամ

Հրանդին եւ Ետուարդ Մարտինեան, Ստեփան Յ.Կ. Վարվարեան եւ Արաքսի Ա. Չաքըճեան Հիմնադրամ