Իրադարձութիւններ

Ամէն տարի, Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանի հիմնադրամը կը կազմակերպէ շարք մը բարեսիրական ձեռնարկներ, որոնք միաժամանակ կը հանդիսանան համախմբուելու օգտաշատ եւ հաճելի առիթներ։

Ժամադրուինք մեր յաջորդ ձեռնարկին, տօնական շրջանակի մը մէջ մեր առաքելութեան զօրակցելու համար։

Événements à venir

Ոչ մէկ իրադարձութիւն

Événements passés

Տարեկան դրամահաւաք – Բարեսիրական ցուցահանդէս – հինգշաբթի 11 մայիս 2023

Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանի հիմնադրամը կազմակերպած է տարեկան դրամահաւաքի- երեկոյ մը, հինգշաբթի 11 մայիս 2023-ին։ Այս երեկոն կը փոխարինէ տարեկան դրամահաւաքի աւանդական ընթրիքը, որ նախորդ տարիներուն կը կազմակերպուէր վարչական խորհուրդին կողմէ։

Երեկոյի ընթացքին տեղի պիտի ունենայ բարեսիրական ցուցահանդէս մը։ Հրամմեցէ՛ք ծանօթանալու երկրորդականի մեր տաղանդաւոր արուեստագէտներու ստեղծագործութիւններուն, որ իրագործուած են իրենց գեղարուեստի դասապահերու ընթացքին։ 

Այս երեկոյի գլխաւոր հասոյթը պիտի յատկացուի արուեստի աշխատանոցի վերանորոգման։ Մտադիր ենք նաեւ, այս հասոյթէն բաժին յատկացնել դասարաններու թուային համակարգման գործընթացի հետապնդման ինչպէս նաեւ կրթանպաստներու ծրագրին։ 

Date de début 11 Մայիսի 2023
Date de fin 11 Մայիսի 2023

Գլխաւոր արշաւ՝ «Ներդրում կատարել ի նպաստ մեր ապագայ ղեկավարներուն»

2019ին Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանը նշեց իր հիմնադրութեան 45ամեակը, կազմակերպելով դրամահաւաքի աննախընթաց մեծ արշաւ խորագրուած՝ «Ներդրում կատարել ի նպաստ մեր ապագայ ղեկավարներուն»։

9 մայիս 2019ին մեկնարկած այս արշաւը շարունակուեցաւ մինչեւ թելեթոնի կազմակերպման օր՝ 3 նոյեմբեր 2019։

Աւելի քանի 575 նուիրատուներ մասնակցեցան այս մեծ դրամահաւաքին, որուն հասոյթը եղաւ աւելի քան 804 600 $ ի նպաստ չորս հիմնական ծրագիրներու՝ գլխաւոր ճաշարանի նորոգութիւն, արհեստագիտական եւ լսատեսողական խմբագրման կարելիութիւններով օժտուած սրահի մը սարքաւորում, լուսանկարչական տաղաւարի մը, ինչպէս նաեւ բոլոր անհրաժեշտ ենթակառոյցներու ապահովում, դպրոցի բակի բարեկարգում, ծաղիկէն  6րդ կարգերու 15 դասարաններու վերանորոգութիւն եւ արդի կահոյքով կահաւորում ապահովելու աշակերտներուն աւելի աշխոյժ մասնակցութիւնը իրենց ուսումնառութեան ընթացքին։ 

Date de début 9 Մայիսի 2019
Date de fin 3 Նոյեմբերի 2019
Lieu Montréal

Հիմնադրամի ի նպաստ տարեկան ընդունելութիւն 2018

Այս աշխատանքը իրականացուց յանձնախումբ մը կազմուած հետեւեալ անդամներէն՝ Լորի Ապրաքեան, Նայիրի Բաբախեան, Նորա Գաբրիէլեան, Թամար Եաղճեան, Սիլվի Կիւլպէնքեան, Նաթալի Հաճէթեան, Արեգ Մարգարեան, Քրիսթին Մարգարեան, Թամար Շահինեան եւ Սարին Սապունճեան  ։

Հիմնադրամը ջերմօրէն շնորհակալութիւն կը յայտնէ գործընկերներուն, նուիրատուներուն, ինչպէս նաեւ կամաւորներուն, որոնք գործի լծուեցան այս մեծ դրամահաւաքը իրականացնելու համար։

Date de début 14 Ապրիլի 2018
Lieu Montréal

Partenaires

Սարաֆեան Հիմնադրամ

Բաստրմաճեան Հիմնադրամ

Մանուկ Չուխաճեան ընտանիքի Հիմնադրամ

Հրանդին եւ Ետուարդ Մարտինեան, Ստեփան Յ.Կ. Վարվարեան եւ Արաքսի Ա. Չաքըճեան Հիմնադրամ