Ձեր Դպրոցին ի նպաստ հիմնադրամ մը

Զօրակցիլ՝ Հիմնադրամին

Բազմաթիւ հեշտ ձեւեր Հիմնադրամին նուիրատուութիւն կատարելու համար

Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանի հիմնադրամը կարիքը ունի ձեր մշտական աջակցութեան։ Անկախ գումարէն, ձեր նուիրատուութիւնը  կը բարեփոխէ մեր երեխաներու դպրոցական կեանքը։

Նուիրատուութիւն կատարել
Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարան

Մի՛շտ աւելի բարձր, մի՛շտ աւելի հեռու։

1974էն ի վեր Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանը կը բնորոշուի իր մատուցած կրթական ծառայութիւններու որակով եւ սերմանած պատկանելիութեան զօրաւոր զգացումով , որ աշակերտները կը կապէ Մոնթրէալի հայկական մեծ համայնքին։

Քեպէքի կառավարական դպրոցական ամբողջ ծրագիրը դասաւանդելու կողքին, մենք կը կարեւորենք հայերէն լեզուի եւ մշակոյթի ուսուցումը ծաղիկ դասարանէն սկսեալ։ Մեր խնամքին վստահուած երեխաները դաստիարակելու, սորվեցնելու, ընկերային յարաբերութիւնները զարգացնելու և արժեւորելու մեր մշտական ​յանձնառութիւնը կը վկայէ մեր վճռականութեան մասին՝ պատրաստելու տիպար քաղաքացիներ, որոնք կրնան իրենք իրենց փաստել որպէս ապագայի ղեկավարներ:

Յաւելեալ Մանրամասնութիւններ

Իրադարձութիւններ

11 Մայիսի 2023

Տարեկան դրամահաւաք – Բարեսիրական ցուցահանդէս – հինգշաբթի 11 մայիս 2023

Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանի հիմնադրամը կազմակերպած է տարեկան դրամահաւաքի- երեկոյ մը, հինգշաբթի 11 մայիս 2023-ին։ Այս երեկոն կը փոխարինէ տարեկան դրամահաւաքի աւանդական ընթրիքը, որ նախորդ տարիներուն կը կազմակերպուէր վարչական խորհուրդին կողմէ։

Երեկոյի ընթացքին տեղի պիտի ունենայ բարեսիրական ցուցահանդէս մը։ Հրամմեցէ՛ք ծանօթանալու երկրորդականի մեր տաղանդաւոր արուեստագէտներու ստեղծագործութիւններուն, որ իրագործուած են իրենց գեղարուեստի դասապահերու ընթացքին։ 

Այս երեկոյի գլխաւոր հասոյթը պիտի յատկացուի արուեստի աշխատանոցի վերանորոգման։ Մտադիր ենք նաեւ, այս հասոյթէն բաժին յատկացնել դասարաններու թուային համակարգման գործընթացի հետապնդման ինչպէս նաեւ կրթանպաստներու ծրագրին։ 

9 Մայիսի 2019

Գլխաւոր արշաւ՝ «Ներդրում կատարել ի նպաստ մեր ապագայ ղեկավարներուն»

2019ին Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանը նշեց իր հիմնադրութեան 45ամեակը, կազմակերպելով դրամահաւաքի աննախընթաց մեծ արշաւ խորագրուած՝ «Ներդրում կատարել ի նպաստ մեր ապագայ ղեկավարներուն»։

9 մայիս 2019ին մեկնարկած այս արշաւը շարունակուեցաւ մինչեւ թելեթոնի կազմակերպման օր՝ 3 նոյեմբեր 2019։

Աւելի քանի 575 նուիրատուներ մասնակցեցան այս մեծ դրամահաւաքին, որուն հասոյթը եղաւ աւելի քան 804 600 $ ի նպաստ չորս հիմնական ծրագիրներու՝ գլխաւոր ճաշարանի նորոգութիւն, արհեստագիտական եւ լսատեսողական խմբագրման կարելիութիւններով օժտուած սրահի մը սարքաւորում, լուսանկարչական տաղաւարի մը, ինչպէս նաեւ բոլոր անհրաժեշտ ենթակառոյցներու ապահովում, դպրոցի բակի բարեկարգում, ծաղիկէն  6րդ կարգերու 15 դասարաններու վերանորոգութիւն եւ արդի կահոյքով կահաւորում ապահովելու աշակերտներուն աւելի աշխոյժ մասնակցութիւնը իրենց ուսումնառութեան ընթացքին։ 

14 Ապրիլի 2018

Հիմնադրամի ի նպաստ տարեկան ընդունելութիւն 2018

Այս աշխատանքը իրականացուց յանձնախումբ մը կազմուած հետեւեալ անդամներէն՝ Լորի Ապրաքեան, Նայիրի Բաբախեան, Նորա Գաբրիէլեան, Թամար Եաղճեան, Սիլվի Կիւլպէնքեան, Նաթալի Հաճէթեան, Արեգ Մարգարեան, Քրիսթին Մարգարեան, Թամար Շահինեան եւ Սարին Սապունճեան  ։

Հիմնադրամը ջերմօրէն շնորհակալութիւն կը յայտնէ գործընկերներուն, նուիրատուներուն, ինչպէս նաեւ կամաւորներուն, որոնք գործի լծուեցան այս մեծ դրամահաւաքը իրականացնելու համար։

Ծանօթացէ՛ք մեր նախաձեռնութիւններուն

Ահաւասիկ նուիրատուութիւններ հաւաքելու մեր ձեռնարկները, այս տարի մասնակցեցէ՛ք անոնց յաջողութեան ի նպաստ

Նուիրատուութիւն կատարել

Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանի հիմնադրամը կարիքը ունի ձեր մշտական աջակցութեան։ Անկախ գումարէն, ձեր նուիրատուութիւնը կը բարեփոխէ մեր երեխաներու դպրոցական կեանքը։

Կապուիլ մեր հետ

Ինչպէ՞ս կրնանք ձեզի օգտակար դառնալ

Բաժանորդագրուիլ տեղեկատուին

Հիմնադրամի տեղեկատուն ձեզի պիտի ուղարկուի իւրաքանչիւր ամիս, եւ ձեզի իրազեկ պիտի դարձնէ մեր դրամահաւաքներուն եւ բարեսիրական նորութիւններուն, ինչպէս նաեւ մեր յառաջիկայ գործունէութեան մասին։

Partenaires

Սարաֆեան Հիմնադրամ

Բաստրմաճեան Հիմնադրամ

Մանուկ Չուխաճեան ընտանիքի Հիմնադրամ

Հրանդին եւ Ետուարդ Մարտինեան, Ստեփան Յ.Կ. Վարվարեան եւ Արաքսի Ա. Չաքըճեան Հիմնադրամ