Մոնթրէալ, 12 Օգոստոս 2026 — Տարիներու ծրագրումէ եւ դրամահաւաքի արշաւէ ետք, Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի Հիմնադրամը պատմական հանգրուան մը կը թեւակոխէ՝ հողօրհնէքի արարողութեամբ ազդարարելով մեկնարկը՝ վարժարանի բակի վերանորոգման աշխատանքներուն եւ ՖԻՖԱ-ի չափանիշներուն համապատասխան ոտնագնդակի դաշտի կառուցման։
Համայնքը համախմբող այս արարողութեան ներկայ էին վարժարանի տնօրէնութիւնն ու Հիմնադրամի մարմինը, Ահունցիք-Գարթիէվիլ շրջանի քաղաքապետ Մոտ Թերու-Սեկէն, Պորտօ-Գարթիէվիլի քաղաքապետական խորհուրդի ներկայացուցիչ Էֆֆի Ճիաննու, Գոթ-տը-Լիէսի քաղաքապետական խորհուրդի ներկայացուցիչ Վանա Նազարեան եւ Լաւալի Ռընօ-Գուրսոլի քաղաքապետական խորհուրդի ներկայացուցիչ Սեդա Թոփուզեան։ Ներկայ էին նաեւ Հիմնադրամի նուիրատուներ, Մեծն Մոնթրէալի հայ համայնքի ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ «Ateliers Ublo» ընկերութեան ներկայացուցիչները՝ քաղաքաշինութեան եւ բացօթեայ տարածքներու բարեկարգման ու նախագծման ճարտարապետութեան այն ընկերութիւնը, որ ստանձնած է այս ծաւալուն ծրագրին նախագծումը, եւ «JCB Construction Canada» ընկերութիւնը՝ այս կարեւոր շինարարական ծրագրի կառավարման եւ իրականացման պատասխանատու կապալառուն։
«Վարժարանը համայնքի մը թոքն է։ կանաչապատուած խաղավայրը, բարձր չափանիշներու համապատասխանող ոտնագնդակի արդիական դաշտը եւ հարիւրաւոր ծառերը, որոնք պիտի տնկուին այնտեղ, այս տարածքը պիտի վերածեն առ աւելի կանաչ, բարեկարգ եւ հաճելի միջավայրի մը։ Հայ համայնքը կը վայելէ մեր ամբողջական աջակցութիւնը եւ, մանաւանդ, մեր խոր հիացումը՝ իր արձանագրած յաջողութիւններուն համար»։ — Մոտ Թերու-Սեկէն, Ահունցիք-Գարթիէվիլ շրջանի քաղաքապետ
Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի բակի ամբողջական վերակառուցումը 2024-ին՝ վարժարանի ոսկեայ յոբելեանին առիթով մեկնարկած նուիրահաւաքի արշաւի երկու առաջնահերթ ծրագիրներէն մէկն էր։ Վարժարանի բացօթեայ տարածքներու ամբողջական վերափոխումը նպատակ ունի բոլորին համար ապահովել ջերմ, հիւրընկալ եւ ապահով միջավայր մը՝ միաժամանակ կարելիութիւն ընձեռելով վարժարանին արդիականացնելու իր ենթակառոյցները, իրականացնելու հետաքրքրական կրթական ծրագիրներ եւ նպաստելու իր աշակերտներու զարգացման՝ «Առողջ միտք՝ առողջ մարմնի մէջ» նշանաբանին համաձայն։
«1974-ին, համայնքային նախաձեռնութիւն մը, որ կը համախմբէր 37 աշակերտներ, հիմը կը դնէր Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանին։ Մեր համայնքի անսակարկ նուիրումին, մեր անձնակազմի անդամներուն անխոնջ աշխատանքին եւ մեր կամաւորներուն անգնահատելի աջակցութեան շնորհիւ, Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանը այսօր յառաջադէմ եւ օրինակելի Քեպէգեան վարժարան մըն է՝ կրթութեան եւ արտադասարանային ծրագիրներու ոլորտներուն մէջ գերազանցութեան օրինակ հանդիսանալով։ Այս ծրագիրը հրաշալիօրէն կը մարմնաւորէ այն արժէքները, որոնք ամէն օր կ՚առաջնորդեն մեր աշխատանքը՝ նորարարութիւն, ներառութիւն եւ ինքնագերազանցում»։— Սարօ Տէր Պետրոսեան, Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի հոգաբարձութեան ատենապետ
«Կարեւոր է նշել, որ այս պատմական ծրագիրը ամբողջութեամբ կ՚իրականացուի այն նուիրատուներու աջակցութեամբ, որոնք համոզուած են մեր բացառիկ հաստատութեան շարունակական բարելաւման կարեւորութեան։ Շնորհակալութիւն՝ մեր տեսլականը այսքան սրտանց բաժնելու եւ այսպիսի առատաձեռնութեամբ ներդրում կատարելու մեր ամենաթանկ արժէքին՝ այսօրուան եւ վաղուան մեր աշակերտներու յաջողութեան եւ բարօրութեան մէջ»։ — Լէոն Աղազարեան, Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի Հիմնադրամի նախագահ
Շուրջ 7,9 միլիոն տոլար արժողութեամբ եւ 20,727 քառակուսի մեթր տարածք ընդգրկող այս ծրագիրը կը նախատեսէ բացօթեայ դասարանի ստեղծում, ՖԻՖԱ-ի չափանիշներուն համապատասխան ոտնագնդակի դաշտի կառուցում, ինչպէս նաեւ երեխաներու ընդհանուր շարժունակութեան զարգացման նպաստող խաղերու սարքերու տեղադրում։
Աւելի քան 583 ծառերու եւ թուփերու տնկումը, 1140 քառակուսի մեթր տարածքի կանաչապատումը, ինչպէս նաեւ տեղւոյն վրայ կենսապահպանման համակարգերու աւելացման շնորհիւ նախատեսուած 646 խորանարդ մեթր ջուրի պահպանման տարողութիւնը, այս ծրագիրը կը դարձնեն բնապահպանական պատասխանատուութեան բարձր չափանիշներով յաւակնոտ ներդրում մը՝ նպաստելով տարածքի կանաչապատման։ Տարածքի օդի որակի բարելաւման եւ աղմուկի պայմաններուն վերաբերող ուսումնասիրութիւն մըն ալ պիտի կատարուի ÉTS-ի եւ Polytechnique-ի հետազօտողներուն հետ գործակցաբար՝ բարեկարգման աշխատանքներու իրականացումէն առաջ եւ ետք։
«Այս գաղափարը մշակեցինք մանկավարժական կազմի անդամներուն հետ՝ բնապահպանական առումով օրինակելի ծրագիր մը իրականացնելու ձգտումով։ Անձրեւի ջուրերու կառավարման համակարգը մեծապէս կը գերազանցէ ընդունուած սովորական չափանիշները, միաժամանակ զգալի աշխատանք տանելով տարածքի չափազանց տաք գօտիներու նուազեցման, ինչպէս նաեւ երեխաներուն համար օդի որակի եւ աղմուկի պայմաններու բարելաւման ուղղութեամբ […]։ Ասիկա ապագայի վարժարանն է՝ 2026-ին յղացուած, սակայն յառաջիկայ հարիւր տարիներն ու անկէ անդինն ալ նկատի առնելով։ Անիկա տակաւին տասնամեակներ շարունակ պիտի մնայ արդիական»։ — Փասքալ Ռույյէ, «Les Ateliers Ublo»-ի նախագահ եւ գլխաւոր տնօրէն
«Երէկ մեր նախորդները քաջութեամբ հարթեցին ճանապարհը։ Այսօր, այս բահի առաջին հարուածով, մենք պարզապէս հողը չենք փորեր, այլ՝ ապագան կը պատրաստենք։ Այս հողը, որ պիտի կրէ մեր երեխաներուն քայլերը, ծիծաղն ու նոր բացայայտումները, պիտի դառնայ անոնց ամենէն համարձակ ձգտումներուն բեմը։ Ասիկա պարզապէս բակ մը չէ. այսօր մենք միասնաբար ապագայի արմատներն է, որ կը հաստատենք. հոս, մենք ոչ միայն սերմեր կը ցանենք, այլեւ՝ ճակատագիրներ կը կերտենք»։ — Լորի Ապրաքեան, Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի ընդհանուր տնօրէն