Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի 50ամեակի դրամահաւաքի արշաւի պաշտօնական մեկնարկ

28 Հոկտեմբերի 2024

Մեր խորունկ արմատներէն՝ դէպի նոր բարձունքներ

Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի 50ամեակը նշելու համար, ՍՅԱՎ-ի Հիմնադրամը կը ձեռնարկէ բարեսիրական դրամահաւաքի աննախընթաց արշաւ մը։ Այս պատմական նախաձեռնութեան նպատակն է հաւաքել 2.5 միլիոն տոլար իրականացնելու Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի տեսլականը եւ զօրակցելու անոր առաքելութեան։

Որոշուած առաջնահերթ երկու ծրագիրները դպրոցին առիթ պիտի ընձեռեն արդիականացնելու իր ենթակառոյցները, մշակելու դաստիարակչական գրաւիչ ծրագիրներ եւ ընդունելու աւելի շատ աշակերտներ։

Առաջին ծրագիր .- Դպրոցի բակի վերանորոգութիւն
Այս ծրագիրը կը նախատեսէ դպրոցի արտաքին տարածքներու ամբողջական վերափոխում՝ մեր բոլոր աշակերտներուն համար հաճելի եւ ապահով միջավայր երաշխաւորելու համար: Խաղավայրի տեղափոխումն ու մանկավարժական պարտէզի տեղադրումը տարածքը պիտի դարձնեն մատչելի եւ արդիական մեր դպրոցի ամբողջ համայնքին համար։

Երկրորդ ծրագիր .- Նիւթական աջակցութեան դրամագլխային հիմնադրամի ստեղծում
Դրամագլխային հիմնադրամ մը ստեղծելով, մենք երկար ժամանակի վրայ կը կարենանք երաշխաւորել տարբեր կարիքներ գոհացնող վերահսկուած նիւթական աջակցութիւն տրամադրելու մեր կարողութիւնը, ամրապնդելով մեր համայնքի դիմացկնութիւնը։

Նուիրատուութիւն մը կատարել

 

Partenaires

Սարաֆեան Հիմնադրամ

Բաստրմաճեան Հիմնադրամ

Մանուկ Չուխաճեան ընտանիքի Հիմնադրամ

Հրանդին եւ Ետուարդ Մարտինեան, Ստեփան Յ.Կ. Վարվարեան եւ Արաքսի Ա. Չաքըճեան Հիմնադրամ