Ներդրումի գումար՝ 130 000 $
2018ին Տէր եւ Տիկ. Կարօ եւ Անի Տօնոյեանները փափաքեցան դպրոցի ապրելու, սորվելու եւ աշխատանքային տարածքները դարձնել աւելի ջերմ ու հաճելի, ինչպէս աշակերտներուն, այնպէս ալ դպրոցի անձնակազմին համար։ Անոնց 130 000$-ի առատաձեռն նուիրատուութեան շնորհիւ կարելի եղաւ վերանորոգել Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանի տնօրէնութեան սենեակը, ինչպէս նաեւ վերանորոգուեցան աշակերտներուն պահարանները, եւ երեք դասարաններ: Շնորհակալութիւն այս մեծ նուիրատուներուն, որոնց շնորհիւ մեր դպրոցը բարեզարդուեցաւ: