Ներդրումի գումար՝ 25 000 $.
Րոպոթիքի նոր սրահը սարքաւորուեցաւ շնորհիւ Տիկ. Ռոզիկ Մուրատեանի աննախընթաց կտակին։ Ան ծնած է Եգիպտոս 1924ին, ապրած է Աղեքսանդրիա, ապա՝ 60ական թուականներուն՝ Պրիւքսէլ։ Իր ծնողներուն եւ ամուսինին մահէն ետք, ան Գանատան կ՛ընտրէ, որպէս բնակութեան վայր։ Ռոզիկ Մոնթրէալ կը ժամանէ 3 մայիս 1985ին։ Նոյն տարին ան կ՛անդամակցի ՀՕՄին, եւ ամբողջ կեանքը կը նուիրէ, զինք ընդունած համայնքին ծառայելով։ Ռոզիկ Մուրատեան կը մահանայ 14 հոկտեմբեր 2016ին, Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանին կտակելով 25 000 $։
Ռոզիկ Մուրատեանի կտակած գումարին շնորհիւ կարելի եղաւ արհեստագիտութեան սրահը սարքաւորել։ Այս առատաձեռն նուիրատուութեան շնորհիւ կրթական Րոպոթիքը որպէս արհեստագիտական մանկավարժական գործիք ներմուծուած է մեր վաղուան ղեկավարներու կրթութեան եւ կազմաւորման գործընթացին մէջ։