Ներդրումի գումար՝ 19 650 $
2021ին, Տոքթ. Արի Մկրտիչեան եւ լրագրող Մարի-Իվ Մորաս միասնաբար հրատարակեցին «La récidive» խորագրուած գիրք մը, որ կը ներկայացնէ քաղցկեղը հիւանդին եւ բժիշկին դիտանկիւններէն։ 18 նոյեմբեր 2021ին տեղի ունեցաւ «La récidive» գիրքին շնորհահանդէսը։ Այս առիթով բազմաթիւ ներկաներ նուիրատուութիւն կատարեցին։ Տոքթ. Մկրտիչեանը առատաձեռնօրէն որոշեց այս գիրքի վաճառքէն գոյացած հասոյթի իր բաժինը ամբողջութեամբ նուիրել հիմնադրամին։ Այս ծրագիրէն գոյացած ամբողջ գումարը յատկացուեցաւ երկրորդականի աշակերտներուն յատուկ հաղորդակցութեան եւ լրագրութեան նոր ծրագրի մը, որ կը միտի զարգացնել աշակերտներուն լրագրութեան ասպարէզի անհրաժեշտ հմտութիւնները, հարստացնելով իրենց գիտելիքները ընկերային հարցերու վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ քաջալերելով բարոյական հաղորդակցութիւնը՝ գրաւոր թէ բանաւոր, ձայնասփիւռով կամ հեռատեսիլով։ Այս ծրագիրի ընդմէջէն, տարբեր նիւթեր արծարծուեցան, յատկապէս լուսանկարչական լրագրութիւնը, լրատուամիջոցներու համար թղթակցութեան տարբեր ձեւերը, ձայնագրութեան եւ տեսագրութեան խմբագրութիւն, առանց մոռնալու լրագրողական բարոյականութիւնը եւ լրագրողի պատասխանատուութիւնը։ Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Տոքթ. Արի Մկրտիչեանին եւ բոլոր ընթերցողներուն իրենց աջակցութեան համար։