նիւթական միջոցներ տրամադրել աշակերտներուն

9 Օգոստոսի 2021

Եգիպտոսաբնակ Տիկ. Արաքսի Չաքըճեան, որ Հրանդին մարտինեանի ժառանգորդն էր, որոշած է իր ժառանգէն նուիրատուութիւն մը կատարել, ստեղծելով Հրանդին եւ Ետուարդ մարտինեան, Ստեփան, Յ.Կ. Վարվարեան եւ Արաքսի Աւետիս Չաքըճեան Հիմնադրամը։

Հիմնադրամի նպատակն է, հիմնականօրէն կրթաթոշակներ եւ նիւթական այլ միջոցներ տրամադրել Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանի աշակերտներուն, որպէսզի անոնք կարենան շարունակել իրենց նախակրթարանի եւ երկրորդականի ուսումը, եւ այսպիսով իրենց կրթութիւնը ապահովել:

Արաքսի Չաքըճեան Հիմնադրամէն ստացուած դրամագլուխը շուրջ 1 200 000$ որ շահարկման դրուեցաւ եւ անկէ ստացուած տարեկան եկամուտին վաթսուն հինգ առ հարիւրը  պէտք է վճարուի Դպրոցին, որ իր կարգին պէտք է յատկացնէ աշակերտներուն կրթանպաստներու ձեւով։ Հիմնադրամը իր առաջին վճարումները դպրոցին կատարած է 2022ին։

 
19 Օգոստոսի 2026

Հողօրհնէքով մեկնարկը տրուեցաւ Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի բակի պատմական վերակառուցման աշխատանքներուն

Մոնթրէալ, 12 Օգոստոս 2026 — Տարիներու ծրագրումէ եւ դրամահաւաքի արշաւէ ետք, Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի Հիմնադրամը պատմական հանգրուան մը կը թեւակոխէ՝ հողօրհնէքի արարողութեամբ ազդարարելով մեկնարկը՝ վարժարանի բակի վերանորոգման աշխատանքներուն եւ ՖԻՖԱ-ի չափանիշներուն համապատասխան ոտնագնդակի դաշտի կառուցման։ Համայնքը համախմբող այս արարողութեան ներկայ էին վարժարանի տնօրէնութիւնն ու Հիմնադրամի մարմինը, Ահունցիք-Գարթիէվիլ շրջանի քաղաքապետ Մոտ Թերու-Սեկէն, Պորտօ-Գարթիէվիլի քաղաքապետական խորհուրդի ներկայացուցիչ […]

20 Հունիսի 2025

Մէկ միլիոն տոլարի բացառիկ նուիրատուութիւն՝ աջակցելու ընտանիքներուն եւ քաջալերելու գերազանց աշակերտները

Մեծ երախտագիտութեամբ կը յայտարարենք մեր հաւատարիմ գործընկերներէն՝ Մանուկ Չուխաճեան ընտանիքի հիմնադրամի բացառիկ առատաձեռնութեան մասին։ Որպէս ոչ առեւտրական կազմակերպութիւն, Մանուկ Չուխաճեան ընտանիքի հիմնադրամի՝ FFMD-ի առաքելութիւնն է կրթանպաստներ տրամադրել նիւթապէս անապահով ընտանիքներու մղում ունեցող, ակադեմիական առումով յաջողակ աշակերտներուն՝ անոնց ուսման աջակցելու համար։ 2012 թուականէն ի վեր մեր դպրոցի գործընկերը հանդիսացող այս հիմնադրամը կանոնաւոր ձեւով կ՛աջակցի ՍՅԱՎ-ի Հիմնադրամի […]

12 Ապրիլի 2024

Հարցազրոյց Մանուկ Չուխաճեանի հետ

Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի հիմնադրամը հանդիպում մը ունեցաւ դպրոցի մեծ բարերարներէն եւ հիմնական գործընկերներէն Մանուկ Չուխաճեանին հետ, զրուցելու նուիրատուին եւ նուիրառուին միջեւ գոյութիւն ունեցող յատուկ կապին մասին։ Ան մեզի պատմեց, թէ ինչպէ՞ս բարեգործ մը դարձած է, եւ ինչո՞ւ որոշած է ներդրում կատարել ի նպաստ մեր դպրոցին։ ՍՅԱՎՀ.- Պրն. Չուխաճեան ի՞նչ է նուիրատուութիւն կատարելու ձեր փիլիսոփայութիւնը։ […]

Partenaires

Սարաֆեան Հիմնադրամ

Բաստրմաճեան Հիմնադրամ

Մանուկ Չուխաճեան ընտանիքի Հիմնադրամ

Հրանդին եւ Ետուարդ Մարտինեան, Ստեփան Յ.Կ. Վարվարեան եւ Արաքսի Ա. Չաքըճեան Հիմնադրամ