Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի հիմնադրամը հանդիպում մը ունեցաւ դպրոցի մեծ բարերարներէն եւ հիմնական գործընկերներէն Մանուկ Չուխաճեանին հետ, զրուցելու նուիրատուին եւ նուիրառուին միջեւ գոյութիւն ունեցող յատուկ կապին մասին։ Ան մեզի պատմեց, թէ ինչպէ՞ս բարեգործ մը դարձած է, եւ ինչո՞ւ որոշած է ներդրում կատարել ի նպաստ մեր դպրոցին։
ՍՅԱՎՀ.- Պրն. Չուխաճեան ի՞նչ է նուիրատուութիւն կատարելու ձեր փիլիսոփայութիւնը։ Ի՞նչ բան ձեզի խթան կը հանդիսանայ նուիրատուութիւն կատարելու համար։ Ի՞նչը ձեզի կը ներշնչէ որպէս բարեգործ։
Մանուկ Չուխաճեան .- Կրնամ պատմել թէ ինչպէ՞ս յայտնաբերեցի բարեգործութիւնը, եւ ինչպէ՞ս բարեգործ դարձայ, պայմանաւ որ ներէք ինծի, եթէ յիշողութիւններս վերապրելու ընթացքին յուզուիմ …
Ծնած եմ Հալէպ, Սուրիա, բարօր ընտանիքի մը մէջ։ Պատանեկութեանս սկիզբը, հօրս գործերը գլխիկոր դարձան, եւ հայրս սնանկացաւ։ Մեր ընտանիքի նիւթական վիճակը շատ արագ վատթարացաւ, եւ այսօր հարց կու տամ, թէ ինչպէ՞ս ծնողներս յաջողեցան մեր ապրուստը ապահովել, եւ երաշխաւորել որ օրական մեր սեղանին վրայ ճաշ ըլլայ։
Լաւ աշակերտ էի, կը սիրէի ուսանիլ, սորվիլ, աշխատիլ եւ նիշերս գերազանց էին՝ մեծ մասամբ բոլոր դասանիւթերուն մէջ։ Մայրս կարողութիւններս գիտէր, հետեւաբար որոշած էր, որ մեր նիւթական կացութիւնը պատճառ պէտք չէ դառնայ ապագաս վճռելու համար։
Երբ վերամուտը մօտեցաւ, ան ձեռքս բռնած զիս տարաւ եկեղեցիէ եկեղեցի, առաջնորդէ առաջնորդ, դպրոցէ դպրոց. ամենուրէք ան կը խնդրէր խօսիլ ամենէն բարձրաստիճան անձին հետ մեր կացութիւնը բացատրելու եւ ուսման ծախսերս հոգալու օժանդակութիւն խնդրելու համար: Գրեթէ բոլորը, որոնց հետ զրուցած ենք, չեն կրցած օգնել մեզի միջոցներ չունենալու պատճառով։ Դուռ դրան ետեւէ կը փակուէր… բայց վերջաւորութեան միշտ մէկը կ՛ըլլար, որ այո կ՛ըսէր։ Երեք տարի շարունակ մայրս այս ձեւով կրցաւ նիւթական օժանդակութիւն ստանալ, որպէսզի կարենամ ուսումս շարունակել։ Ինծի կը թուէր որ հրաշք էր։
Այդ ժամանակ ես տասներկու, տասներեք, տասնչորս տարեկան տղայ էի: Մայրս կը պնդէր, որ այս ընթացքին իրեն ընկերակցիմ։ Այսօր շնորհակալ եմ իրեն, որովհետեւ ան ինծի առիթ ընձեռեց ականատես դառնալու իր անփոփոխ վճռականութեան, բացայայտելու խնդրանքի ոյժը եւ բարեգործութեան կարեւորութիւնը, հասկանալու թէ միշտ յոյս ու օգնութիւն կան: Օր մը, անոր քովը նստած գրասենեակի մը մէջ, որ համաձայնած էր մեզ ընդունիլ, ես ինծի խոստացայ, որ պիտի ուսանիմ, ճարտարագէտ պիտի դառնամ, որ լաւ ապրուստ վաստակիմ, յաջողակ պիտի ըլլամ իմ ասպարէզիս մէջ եւ օր մըն ալ, ես իմ կարգիս պիտի օգնեմ կարիքաւորներուն:
Այսօր կրնամ ձեզի հաստատել, որ ճիշդ այդ պահէն կու գան նուիրատուութիւններս: Անոնք կու գան մօրս խանդավառութենէն, քաջութենէն եւ երբեմն ալ անյոյս թուացող կացութեան յանձնուելու իր մերժումէն։ Եւ ճիշդ այդ պատճառով, ես գիտէի, որ բարերարները համաձայնած են ներդրում կատարել ինծի համար, կ՛ուզէի ես զիս գերազանցել եւ իմ կարգիս օգնել յաջորդիս։
Ես շատ լաւ գիտեմ, որ որոշ երիտասարդներ կրնան դժուար կացութիւններու մէջ գտնուիլ արտաքին գործօններու պատճառով, որոնց վրայ իրենք հակակշիռ չունին։ Համեստ ընտանիքներու զաւակները երբեք պատասխանատու չեն իրենց կացութեան համար։ Ինչպէս իմ անյայտ բարերարներս, նոյնպէս ալ ես կը փափաքիմ աջակցիլ մեր երիտասարդներուն, որպէսզի անոնք կարենան օգտագործել իրենց ամբողջ կարողականութիւնը։ Եւ կ՛ուզեմ քաջալերել կարիքաւոր ընտանիքներուն, որպէսզի օգնութեան դիմեն։
ՍՅԱՎՀ .- Այս տարի կը նշենք Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի եւ Մանուկ Չուխաճեան ընտանիքի հիմնադրամի միջեւ գործընկերութեան 12ամեակը։ Ի՞նչ նպատակներով կը զօրակցիք Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանին։ Ի՞նչ կը փափաքիք իրագործել ի սպաս մեր դպրոցին եւ մեր համայնքին։
Մանուկ Չուխաճեան .- Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանին հիմնական առաքելութիւնը մեր համայնքի յաջորդ սերունդը կազմաւորելն է: Ես կը հաւատամ, որ այս առաքելութիւնը հիմնական կարեւորութիւն ունի, եւ ես կ՛ուզեմ կարելիս ընել՝ օգնելու երիտասարդներուն, որոնք վաղուան մեր առաջնորդները պիտի ըլլան։
Մենք բախտաւոր ենք, որ դպրոց մը ունինք, որ նախանձելու ոչինչ ունի քաղաքի եւ նահանգի ուսումնական միւս հաստատութիւններէն: Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանը ամէն ինչ ունի գերազանցութեան հասնելու համար, թէ՛ իր առաջարկած ծառայութիւններով, թէ՛ կազմաւորումով: Ես կ՛աջակցիմ դպրոցի զարգացման գործին եւ կոչ կ՛ուղղեմ համայնքի իւրաքանչիւր անդամի նոյնը ընելու, հետաքրքրուելու մեր ծրագիրներով, աջակցելու մեր նախաձեռնութիւններուն եւ համախմբուելու մեր նպատակին համար: Նպատակատենչ ըլլանք, չվախնանք մեր դպրոցին համար մեծ տեսլականներ ունենալէ եւ ներդրում կատարենք մեր աշակերտներուն ի նպաստ՝ անոնց քաջալերելով առ աւելի վեր բարձրանալ։
Ճիշդ այս համոզումն է, որ մեզի մղեց լայնածաւալ ծրագիրներ սկսիլ, ներառեալ 2012 թուականին քիմիագիտութեան տարրալուծարանին արդիականացումը եւ 2022 թուականին մեր հին ճաշարանին ամբողջական վերականգնումը, որ այսօր դարձաւ «Աննա եւ Մանուկ Չուխաճեան» խմբավայր։ Այս աշխատանքները կը ներկայացնեն 505,000 $ տոլարի ընդհանուր ներդրում, որ կը շարունակէ պտուղներ տալ եւ օգտակար հանդիսանալ մեր աշակերտներուն, մեր ուսուցիչներուն ինչպէս նաեւ օժանդակ անձնակազմին։
Մեր գործընկերութեան միւս խարիսխը, փաստօրէն մեր կրթանպաստի ծրագիրն է, որ ստեղծուած է 2014 թուականին։ Այդ օրէն ի վեր 110,000 $ տոլարէն աւելի գումար յատկացուած է նիւթական կարիք ունեցող եւ ակադեմական գերազանցութիւն ցուցաբերող 104 աշակերտներու։ Ես ուրախ եմ իմանալով, որ այս երեխաները կարելիութիւնը ունին մեր դպրոցը յաճախելու, լաւ արդիւնքներ արձանագրելու եւ գերազանցելու շնորհիւ կրթանպաստի այս ծրագրին։
Վաղուան առաջնորդները նոյնպէս, որոշ առումով վաղուան բարեգործներն են, որոնց մենք կը կազմաւորենք։ Իրապէս, իւրայատուկ կապ մը կայ, որ կը միացնէ նուիրատուն նուիրառուին, նոյնիսկ եթէ անոնցմէ իւրաքանչիւրը անծանօթ կամ անյայտ կը մնայ միւսին համար։ Յաճախ, ստացողը կը քաջալերուի, որ իր կարգին ինքն ալ նուիրատուութիւն կատարէ, ինչպէս որ իմ պարագաս էր, եւ զօրակցութեան գեղեցիկ շղթայ մը կը ստեղծուի ի նպաստ ամբողջ համայնքի մը։
ՍՅԱՎՀ .- Շատ շնորհակալ ենք մեզի հետ ձեր տեսլականը եւ ձեր փորձառութիւնները անկեղծօրէն եւ առատաձեռնօրէն բաժնեկցելու համար։ Մենք պատիւն ունինք ձեզ մեր հիմնական նուիրատուներու շարքին դասելու, եւ երախտապարտ ենք ձեր բացառիկ յանձնառութեան համար։
Մանուկ Չուխաճեան .- Իմ կարծիքովս, մենք բաւարար չափով չենք խօսիր նուիրատուին նուիրատուութիւն կատարելու օգուտներուն մասին։ Ես անձամբ համոզուած եմ, որ տալը կը բարելաւէ բարեկեցութիւնս, երջանկութիւնս, սթրեսիս մակարդակը, եւ ընդհանրապէս կեանքս։ Բարեգործութիւնը կը ստեղծէ տալ-տալու իրավիճակ մը, ուր բոլորը կը յաղթեն, եւ ոչ ոք կը պարտուի։ Շատ բախտաւոր կը զգամ, որ առանձնաշնորհումը ունիմ նպաստելու մեր աշակերտներուն յաջողութեան եւ Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի կարեւոր առաքելութեան իրականացման։