Ստեղծագործարանի բացում

22 Նոյեմբերի 2022

2022ին հիմնադրամը բացումը կատարեց արհեստագիտական ժամանակակից այս տարրալուծարանին, որուն հիմնադրութիւնը կարելի եղաւ յատկապէս շնորհիւ Տէր եւ Տիկ. Սարօ եւ Թամարա Տէր Պետրոսեաններու 100.000 $ բացառիկ նուիրատուութեան։ Ստեղծագործարանը, աշակերտներուն կը տրամադրէ նպաստաւոր միջավայր մը, զարգացնելու տեսողական արուեստներու մէջ իրենց հմտութիւններն ու գիտելիքները, օգտագործելով նորագոյն արհեստագիտութիւնը՝ մոնթաժի սրահ, լուսանկարչական տաղաւար եւ այլ թեքնիք ենթակառոյցներ, որոնք ներկայիս իրենց տրամադրութեան տակ են։ Այս միջավայրին մէջ, աշակերտները կը սորվին  օգտագործել թուային լուսանկարչական մեքենայ, տեսախցիկ, գծագրական թապլէթներ եւ տարբեր ծրագիրներ խմբագրելու իրենց ստեղծագործութիւնները։ 

12 Ապրիլի 2024

Հարցազրոյց Մանուկ Չուխաճեանի հետ

Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի հիմնադրամը հանդիպում մը ունեցաւ դպրոցի մեծ բարերարներէն եւ հիմնական գործընկերներէն Մանուկ Չուխաճեանին հետ, զրուցելու նուիրատուին եւ նուիրառուին միջեւ գոյութիւն ունեցող յատուկ կապին մասին։ Ան մեզի պատմեց, թէ ինչպէ՞ս բարեգործ մը դարձած է, եւ ինչո՞ւ որոշած է ներդրում կատարել ի նպաստ մեր դպրոցին։ ՍՅԱՎՀ.- Պրն. Չուխաճեան ի՞նչ է նուիրատուութիւն կատարելու ձեր փիլիսոփայութիւնը։ […]

22 Նոյեմբերի 2022

Աննա եւ Մանուկ Չուխաճեան խմբավայր

Աննա եւ Մանուկ Չուխաճեան խմբավայրի բացում 22 նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 7։30ին, Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանը բացումը կատարեց Աննա եւ Մանուկ Չուխաճեան խմբավայրին։ Խմբավայրի իրագործումն ու կահաւորումը կարելի դարձաւ շնորհիւ Մանուկ Չուխաճեան ընտանիքիՀիմնադրամի 400 000$. գումարի  առատաձեռն նուիրատուութեան։  

15 Նոյեմբերի 2022

Տոքթ. Արի եւ Փաթիլ Մկրտիչեան գերազանցութեան եւ մանկավարժական նորարարութեան մրցանակ

Դպրոցի հիմնադրամը պատիւն ունի յայտարարելու Տոքթ. Մկրտիչեանի անուան գերազանցութեան եւ մանկավարժական նորարարութեան մրցանակի վերադարձի մասին: Այս նախաձեռնութիւնը նպատակ ունի վեր առնել Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանի ուսուցչական կազմի այն անդամներու ներդրումը, որոնք կը զատորոշուին իրենց մանկավարժական մօտեցումի գերազանցութեամբ  եւ նորարարութեամբ: Մենք երախտապարտ ենք Տոքթ. Արի եւ Տիկ. Փաթիլ Մկրտիչեաններուն իրենց առատաձեռնութեան համար, որուն շնորհիւ մենք կ՛արժեւորենք […]

Partenaires

Սարաֆեան Հիմնադրամ

Բաստրմաճեան Հիմնադրամ

Մանուկ Չուխաճեան ընտանիքի Հիմնադրամ

Հրանդին եւ Ետուարդ Մարտինեան, Ստեփան Յ.Կ. Վարվարեան եւ Արաքսի Ա. Չաքըճեան Հիմնադրամ